Ֆիլիփեան Կղզիներուն Մէջ Հզօր Մրրիկի Պատճառով Աւելի Քան 10 Հազար Զոհ Արձանագրուած Է

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Ֆիլիփեան կղզիները հարուածած «Հայիան» հզօր մրրիկին պատճառով Թաքլոպան քաղաքին մէջ աւելի քան 10 հազար զոհ արձանագրուած է, 300 զոհ արձանագրուած է Պասէյ քաղաքին մէջ, իսկ երկու հազար ուրիշներու ճակատագիրը անյայտ կը մնայ։

Բնական աղէտին պատճառով ծովուն ալիքները բարձրացած են մինչեւ վեց մեթր, իսկ հովուն արագութիւնը հասած է ժամական 235 քիլոմեթրի, որուն պատճառով Ֆիլիփեաններու կեդրոնական վեց կղզիներու վրայ լայնածաւալ աւեր արձանագրուած է։

Այժմ մրրիկը հասած է Վիեթնամի հիւսիսային ափերուն, ուր տեղւոյն իշխանութիւնները կէս միլիոն մարդ շրջանէն հեռացուցած են։ Ըստ օդերեւութաբաններու նախատեսութեանց, մրրիկը այսօր համեմատաբար պիտի տկարանայ։

Share this Article
CATEGORIES