ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԼՔԷ ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆԸ

Լէոնարտօ

Ինթեր Միլանի նախագահ Մասիմօ Մորաթթի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այնպէս կը թուի, որ Քալչիոյի 2011-2012 տարեշրջանին կազմը պիտի ունենայ նոր մարզիչ մը` Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Մարսելօ Պիելսան:

Ասիկա կը նշանակէ, որ նախորդ դեկտեմբերին Ինթերի մարզիչ նշանակուած պրազիլցի Լէոնարտօ պիտի հեռանայ կազմէն` նկատի ունենալով, որ 2010-2011 տարեշրջանին ան ձախողեցաւ իր կազմին ապահովել վեցերորդ յաջորդական ախոյեանութեան տիտղոսը:

55 տարեկան Պիելսա նախորդ փետրուարէն անգործ է` Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբը լքելէն ի վեր: Ան Եւրոպայի մէջ, այդքան ալ փորձառութիւն չունի` նկատի ունենալով, որ շատ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար Էսփանիոլի (Սպանիա) մարզիչը եղած է (1998-ին):

Թէեւ ան 1998-էն 2004 եղած է Արժանթինի մարզիչ, սակայն անոր հետ չէ յաջողած որեւէ տիտղոսի տիրանալ:

Ինչ կը վերաբերի Լէոնարտոյի, ան շատ հաւանաբար նշանակուի Փարիզ Սեն Ժերմենի թեքնիք տնօրէն: Ան 1996-էն 1997 իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է մայրաքաղաքի կազմին:

Share this Article
CATEGORIES