Դամասկոս. Վեց Տարեկան Հայ Աշակերտ Մը Զոհ՝ Հրասանդի Հրթիռներու Բեկորներու

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն հրասանդի հրթիռներու տարափը Դամասկոսի մէջ հարուածեց կարգ մը շրջաններ, ինչպէս՝ Ժարամանա, Տուելաա, Քասաա եւ Պապ Շարքի՝ պատճառելով բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Երէկ Քասաա թաղամասը հարուածած հրթիռները ինկած են յոյն ուղղափառ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վրայ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ, ինչպէս նաեւ յարակից Յովհաննէս Դամասկացի վարժարանին վրայ, ուր մէկ տասնեակ աշակերտներ վիրաւորուեցան:

child

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ նոյն պահուն Պապ Շարքի կամարին մօտ գտնուող Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի աշակերտներու արձակումի պահուն, Ճեմարանի դրան առջեւ գտնուող փոխադրակառքերուն մօտ ինկած երկու հրթիռներու բեկորները պատճառած են հինգ զոհեր՝ չորս աշակերտ եւ վարորդը, եւ ութ վիրաւորներ՝ ուսուցչուհի մը եւ աշակերտներ: Զոհերու շարքին է վեց տարեկան հայ աշակերտ մը՝ Յովհաննէս Աթոքանեան, իսկ վիրաւորներու մէջ կան քանի մը հայ աշակերտներ, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են՝ համապատասխան դարմանում ստանալու համար:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կ՛աւելցնէ, որ Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց Ճեմարանը երեք օր փակ պիտի մնայ՝ սգալով իր զոհերը, իսկ Ազգային միացեալ վարժարանը մէկ օր սուգ յայտարարած է՝ ի յարգանս տխուր դէպքի զոհերուն։

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES