Միացեալ Նահանգներ Հրաժարած Են Գերմանիոյ Հետ Հակալրտեսական Համաձայնագիր Կնքելէ
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ հրաժարած են իրենց եւ Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ հակալրտեսական համաձայնագիրի ստորագրումէն։
Այդ մէկը ի յայտ դարձած է Գերմանիոյ դաշնակցային հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Կերհարտ Շինտլըրի եւ Սահմանադրութեան պահպանման դաշնակցային վարչութեան նախագահ Հանց-Կէորկ Մասենի Միացեալ Նահանգներէն վերադարձէն ետք։
Միացեալ Նահանգներու մէջ հաւանական կը նկատեն միայն երկու կողմերու միջեւ անորոշ համաձայնագիրի մը ստորագրումը։ Այդ մէկը կարելի դարձած է միայն այն պատճառով, որ ամերիկեան կողմը կարծած է, թէ լրտեսական գործունէութենէ լրիւ հրաժարումը պիտի ընկալուի իբրեւ մեղքի ընդունում։ Բացի ատկէ, նման համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք անոր կրնան ձգտիլ նաեւ այլ պետութիւններ։
Յիշեցնենք, որ գայթակղութիւն մը յառաջացած էր, երբ յայտնի դարձած էր, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւնները կը գաղտնալսեն Գերմանիոյ վարչապետը, ինչպէս նաեւ՝ այլ երկիրներու ղեկավարները։

