Զեկուցագիր Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմինի Աշխատանքներուն Մասին 19 Յուլիս 2012-Էն 30 Սեպտեմբեր 2013

Help_SyriaԱ.- Կազմութիւն

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ)՝ կազմուած ինը անդամներէ, բաղկացած Սուրիոյ հայ համայնքապետներէ (Հալէպ եւ Դամասկոս), ազգային կուսակցութիւններու (ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ) եւ բարեսիրական միութիւններու (ՀԲԸՄ եւ ՍՕԽ) ներկայացուցիչներէն, յառաջացաւ 19 յուլիս 2012-ին։

Բ.- Աշխատանքային Վիճակ

ՍՇՕՎՄ-ը իր հիմնադիր նիստերուն մշակեց գործունէութեան  իր ուղեցոյցը, ճշդեց օժանդակութեան աշխատանքի բնագաւառները, ընթացակարգը եւ յարաբերութեան եղանակները։

Մարմինը ունեցաւ իր վարչական կազմը, գործավարութիւն-բանբերը, տնտեսական ու հաշուական յանձնախումբը։

Գ.- Գործունէութիւն

I.- Իր կազմութենէն կարճ ժամանակ անց ՍՇՕՎՄ-ը Սուրիոյ հայահոծ շրջաններուն մէջ յառաջացուց Շտապ օգնութեան գործադիր մարմիններ, աշխատանքային յատուկ ուղեցոյցներով ներդրում կատարեց անոնց օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ հսկեց գործունէութեան հեզասահ ընթացք ապահովելու համար։

Երկրի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն բերումով, գործադիր մարմիններու աշխատանքներուն բնոյթն ու տարողութիւնը իրարմէ բաւականաչափ տարբերեցան։

Հալէպը ճակատումի գլխաւոր վայր դառնալու պատճառով շտապ օգնութեան հիմնական աշխատանքները հոն կեդրոնացան։

II.- Սուրիոյ մէջ օժանդակութեան աշխատանքները կ՛ընթանան հիմնական հետեւեալ բնագաւառներուն մէջ՝ ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ, ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ, ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ, ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ։

ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ օժանդակութեան հիմնականը սննդեղէնի մատակարարման աշխատանքն է։ Երկրին ապրած տնտեսական ծանր տագնապին, համատարած անգործութեան, քանդուած, կողոպտուած կամ ճակատումի շրջաններուն մէջ գտնուող գործարաններու կամ արհեստանոցներու պատճառով մեծաթիւ հայ ընտանիքներ իրենց օրապահիկէն զրկուած են։ Միաժամանակ Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս եւ Հալէպ քաղաքին մէջ մասնաւորապէս համատարած սղաճը եւ ապրանքներու ապահովման դժուարութիւնները մեծապէս ցնցած են հայ ընտանիքներուն տնտեսական կարողականութեան իրավիճակը՝ զանոնք դնելով աննախանձելի տնտեսական կացութեան մէջ։ Այս վիճակը մեղմացնելու համար գործադիր մարմիններու ջանքերով միամսեայ կամ երկամսեայ դրութեամբ (ըստ շրջանի) մօտաւորապէս երեք հազար հայ ընտանիք սննդակողով կը ստանայ։

Սննդակողովի պատրաստութեան աշխատանքները կ՛իրականանան համապատասխան յանձնախումբերու եւ կամաւոր երիտասարդներու ջանքերով։

Վերջին ամիսներուն Հալէպի կացութեան առաւել վատթարացման, մանաւանդ քաղաքի շրջափակման պատճառով լուրջ մտահոգութիւն դարձան թէ՛ ապրանքատեսակներու ապահովման հարցը, թէ՛ անոնց գիներու մագլցումի հարցերը, այսուհանդերձ սննդակողովներու բաշխման աշխատանքները չկասեցան, այլ ճշդուած ժամկէտներով ու կանոններով շարունակուեցան եւ կը շարունակուին, նոյնիսկ երբ տնտեսական վիճակի հետզհետէ վատթարացումի պատճառով սննդակողովներէն օգտուողներուն թիւը աստիճանաբար բարձրացաւ։

Այս բնագաւառի օժանդակութիւններուն մէջ կը ներառուին բազմաթիւ ընտանիքներու կենցաղային անհրաժեշտ այլ կարիքներու բաւարարման աշխատանքները (մաքրութեան իրեր, ձմրան եղանակին բուրդէ ծածկոցներ եւ այլն)։

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ օժանդակութիւնները կը կատարուին ռազմական դէպքերու պատճառով (ռմբակոծում, պայթում, հրթիռակոծութիւն, կրակոց, դիպուկահար, բեկորներ եւ այլն) մարմնական վնասուածքներ ստացածներուն, որոնց մեծամասնութիւնը նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ կ՛ապրի։

Վիրաւորներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն կը կատարուի հիւանդանոցային եւ դեղորայքի ծախսերուն մէկ մասը հոգալով, անոնց այցելելով եւ իրենց մասին հետաքրքրուելով։

Իսկ զոհերու կամ նահատակներու պարագային օժանդակութիւնը կ՛ընդգրկէ թաղմանական եւ յուղարկաւորութեան ամբողջ ծախսերը։

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ օժանդակութիւնները կ՛ընդգրկեն կիսաքանդ կամ որոշակի վնասներ կրած եւ թէժ կամ ճակատումի շրջաններուն մէջ չգտնուող բնակարաններու նորոգութեան ծախսերուն մէկ մասը։ Իսկ ամբողջապէս քանդուած կամ կործանած բնակարաններուն կամ աշխատանոցներուն (որոնց թիւը փոքր չէ, մօտաւորապէս՝ հազար կալուած) օժանդակութիւնը ցարդ հնարաւոր չէ  կատարել։

ԿՐԹԱԿԱՆ օժանդակութիւնը կատարուեցաւ 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանին։

Ժողովուրդին ապրած տնտեսական անտանելի ճգնաժամին պատճառով այս ուսումնական տարեշրջանին ծնողները ի վիճակի չէին իրենց զաւակներուն կրթական ծախսերը հոգալու։ Առ այդ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը իր յաջորդական լիագումարներուն համապատասխան սերտողութիւններ կատարելէ ետք, մեծապէս գիտակցելով տնտեսական պատճառներով հայկական վարժարաններու փակումը ահազանգող վտանգին հետեւանքներուն եւ մեկնելով իր մշակած ուղեցոյցի սկզբունքներէն, 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին Սուրիոյ հայկական բոլոր վարժարաններուն անխտիր, իւրաքանչիւրին կրթաթոշակին համապատասխան 35% համեմատութեամբ օժանդակութիւն կատարեց՝ նպաստելով դպրոցներուն եւ ծնողներուն ուսերուն դրուած նիւթական ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու գործին։

Արդ, օժանդակութեան այս ծրագրէն օգտուեցան Սուրիոյ տարածքին գործող հայկական 38 վարժարաններն ու անոնց 6436 աշակերտները։

ՍՇՕՎՄ-ին կողմէ Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն յատկացուած օժանդակութեան գումարները կազմեցին հինգ հարիւր հազար ամերիկեան տոլար։

III.- Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը նիւթական յատուկ ներդրում կատարեց նաեւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին, Հալէպի Հայ ծերանոցին եւ Ազգային պատսպարանին, որոնք նուիրատուներու չգոյութեան եւ տնտեսական ահաւոր տագնապին պատճառով հսկայական դժուարութիւններու մատնուած էին։

IV.- Ճակատումի տարբեր շրջաններէ համեմատաբար աւելի ապահով հայահոծ վայրեր ապաստանած հայեր (ներքին տեղափոխուած ժողովուրդ), ինչպէս՝ Հոմսէն, Եագուպիէէն, Ղընէմիէէն, Արամոյէն, Ռագգայէն, Ռաս Ուլ Այնէն, Տէր Զօրէն, Թել Ապիատէն, Տարաայէն եւ Սուէտէյէն, արժանացան նիւթական յատուկ օժանդակութեան։

V.- Առաւելագոյն չափով ժողովուրդին օգտակար դառնալու նպատակով մարմինը փորձած է օգտուիլ օժանդակութեան ծրագիրներով զբաղող հնարաւոր զանազան կողմերէն (տեղական թէ միջազգային), այս իմաստով գործակցութիւն կայացած է Սուրիական կարմիր մահիկ կազմակերպութեան յատկապէս Հալէպի բաժնին հետ։

Նոյն նպատակով թելադրուած է գործադիր մարմիններուն, որ իրենց շրջաններուն մէջ գործող մարդասիրական եւ բարեսիրական ոչ հայկական միութիւններուն կամ կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան մէջ ըլլան եւ գործակցելով անոնց հետ՝ օգտուին անոնց  օժանդակութեան ծրագիրներէն։

Թելադրանքը ի գործ դրուած է եւ կարգ մը գործադիրներ նման աշխատանքներ իրականացուցած են եւ կը շարունակեն իրականացնել։

Դ.- Օժանդակութիւններէն Օգտուողներ

Օժանդակութեան աշխատանքներու ի գործ դնելու առաջին օրերէն օգտուողներու ճշդման պարագան սերտողութեան առարկայ էր՝ թէ՛ ՍՇՕԳՄ-ի, թէ՛ գործադիր մարմիններուն կողմէ։

Տիրող կացութիւններուն մէջ դիւրին չէր արդար ու խղճմիտ որոշումներ կայացնելը, օգտուողներու սահմանն ու քանակը ճշդելը եւ նպատակին ծառայող գործ իրականացնելը։ Այսուհանդերձ, փորձ եւ ջանք չխնայուեցաւ՝ ըստ կարելւոյն անսխալ գործելու։ Առ այդ, լուրջ քննարկումներ կատարուեցան եւ տեսական գաղափարները համընկնեցնելով գործնականապէս գետնի վրայ իրականացած աշխատանքներուն հետ՝ բիւրեղացան կարիքաւորի չափորոշիչները եւ օժանդակութիւններէն օգտուողներուն պարագան յստակացաւ։

Ե.- Քարոզչական

I.- ՍՇՕՎՄ-ը քարոզչական հիմնական աշխատանքը կը ծաւալէ իր կայքէջին ճամբով www.syriashdab.com։

Կայքէջին մէջ տեղադրուած է մարմինին ուղեցոյցը, աշխատանքային լուսանկարները, մարմինին լոյս ընծայած հաղորդագրութիւնները, նուիրատուներուն ցուցակը, իրականացուած օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին շաբաթական դրութեամբ պատրաստուած զեկոյցները եւ իրականացած աշխատանքներուն մասին պատրաստուած տեսանիւթերը։

Այս շրջագիծէն ներս մարմինին եւ գործադիրներուն ծաւալած աշխատանքներուն մասին Radioyeraz կայքէջային տեղական ձայնասփիւռէն պարբերաբար զեկոյց կը փոխանցուի։

II.- Իր կազմութենէն ցայսօր ՍՇՕՎՄ-ը տարբեր բովանդակութիւններով լոյս ընծայած է վեց հաղորդագրութիւն։

Զ.- Թուային Պատկեր

Մինչեւ այսօր ամբողջ Սուրիոյ տարածքին  արձանագրուած են վիրաւորներու, զոհերու, նահատակներու եւ առեւանգեալներու հետեւեալ թիւերը.-

 

Հալէպ Դամասկոս Գամիշլի
Հասիչէ
Քեսապ Լաթաքիա Ընդհ. Թիւ
Զոհ 45 16 2 1 64
Վիրաւոր 159 13 172
Առեւանգուած 101 6 1 2 110
Նահատակ (Զին. ծառայող) 9 3 2 1 15

 

Է.- Սուրիոյ Ամբողջ Տարածքին Ազգային, Կրօնական
Կամ Միութենական Կալուածներու Վնասներ

Ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառներով տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրած են՝ Հալէպի Ս. Գէորգ (ամբողջովին հրոյ ճարակ), Հոմսի Ս. Մեսրոպ, Եագուպէի Ս. Զուարթնոց, Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց, Ռաս Ուլ Այնի Ս. Յակոբ, Դամասկոսի Ս. Սարգիս եւ Մարկատիէի Ս. Յարութիւն հայ առաքելական եկեղեցիները, Հալէպի հայ կաթողիկէ Աւետման եկեղեցին եւ համալիրը, Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ համալիրը, Ռագգայի հայ կաթողիկէ Նահատակաց եկեղեցին եւ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը։

Ռմբակոծումներու պատճառով ծանրօրէն վնասուած են Հալէպի Հայ ծերանոցը (ամբողջովին կողոպտուած), «Արեւիկ» թերաճներու կեդրոնը, Ազգային պատսպարանը (հին շէնքը, բայց մանաւանդ՝ նոր շէնքը), Կիլիկեան ճեմարանը, Կիւլպէնկեան հիւանդանոց-մայրանոցը, Ռագգայի հայ կաթողիկէ Նահատակաց մանկապարտէզը եւ Դամասկոսի Թէքէեան մշակութային միութեան շէնքը։

Ազգային, կրթական կամ միութենական կառոյցներէն թեթեւ վնասներ կրած են (ապակի, դուռ-պատուհան) Հալէպի՝ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանը, Ազգ. «Սիս» բնակարանային համալիրը, Ազգ. Ք .Ե. Ճեմարանը, Լ.Ն.Գ.Կ. երկրորդական վարժարանը, Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, Ազգ. Հայկազեան վարժարանը, Ս. Չեմպէրճեան կրթասիրաց երկրորդականը, հայ աւետարանական Բեթէլ վարժարանը, հայ կաթողիկէ «Զուարթնոց» վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, Հոմսի՝ Ազգ. Սահակեան վարժարանը, Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանն ու Ազգ. Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանը եւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի մարզաւանները։

Յատկապէս ահաւոր պատկեր կը ներկայացնեն Նոր Գիւղի արեւելեան թաղամասերու հայկական բնակարաններն ու գործատեղիները։

Ը.- Նիւթական Վիճակ

Երկրի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու հետզհետէ վատթարացումով սաստկացան ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։ Աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները անտարբեր չմնացին ու ընթացք առին սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները։ Մինչ այդ, ՍՇՕՎՄ-ն ու գործադիր մարմինները իրենց կազմութեան առաջին իսկ օրէն ձեռնարկեցին ներքին՝ տեղական ուժերով դրամահաւաքի կազմակերպման, որուն իբրեւ արդիւնք Սուրիոյ հայկական կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու եւ միութիւններու նիւթական ներդրումներով օժանդակութեան դրամարկղի հիմքը ստեղծուեցաւ։

Մեր ապրած ծանր տագնապին ընթացքին օժանդակութիւններ ստացած ենք նուիրապետական երկու Աթոռներու՝ Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու ճամբով, թեմերէն եւ տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներէն, ազգային երեք կուսակցութիւններէն, Կարմիր խաչ միջազգային կազմակերպութենէն, Կարմիր մահիկ սուրիական կազմակերպութենէն, «Ճինիշեան» եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւններէն, ՀԲԸՄ-էն, ՀՕՄ-էն, «Քարիթաս»-էն, «Օգնի՛ր եղբօրդ» ՀՅԴ նախաձեռնութենէն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Լիբանանի յանձնախումբերէն  եւ անհատ հայորդիներէ։ Նաեւ գոհունակութեամբ պաշտօնապէս տեղեկացած ենք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ՍՇՕՎՄ-ին փոխանցուելիք օժանդակութեան մասին։

Մարմինիս հասած օժանդակութիւնները (մօտաւորապէս 1.700.000 ամերիկեան տոլար (մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար), շրջանի հայութեան կարիքները բաւարարող չէին։ Մեր դիմագրաւած ֆիզիքական եւ կենցաղային չափազանց դժուար պայմանները կը շարունակուին եւ օժանդակութիւններու անբաւարարութեան պատճառով մնացած չնչին գումարը տնօրինելու լուրջ խնդիր ունինք այսօր։

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ գործադիր մարմինի միակ եկամուտը ստացուած օժանդակութիւններն են։

Օժանդակութեան խնդրանքով մարմինս յատուկ նամակով դիմած է «Հայաստան» հիմնադրամին, որ ցարդ անարձագանգ մնացած է, նաեւ դիմած է «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէնութեան։

Պայմաններուն բերումով թէեւ օժանդակութեան կարիքը աստիճանաբար կը բարձրանայ, սակայն անոր դիմաց գումարները աստիճանաբար կը նուազին՝ մտահոգիչ դարձնելով օգնութեան ծրագիրներու իրագործումը։

Թ.- Էական Խնդիրներ

Յանուն տագնապահար համայնքին օժանդակութեան ստանձնած առաքելութեան, ՍՇՕՎՄ-ին համար կարեւոր համարուող ծրագիրներէն է ոչ միայն ռազմական դէպքերուն պատճառով արձանագրուած վնասները հատուցելու նախագիծերը, որոնք պետութիւններու կարողականութիւններու եւ փորձին կը կարօտին, այլեւ՝ վերականգնումի աշխատանքներու ծիրէն ներս, արտակարգ պայմաններուն բերումով ստեղծուած ընկերային խոցելի երեւոյթներուն դէմ դնելու, ընթացքը կասեցնելու կամ նոյնիսկ առաջքը առնելու ծրագիրները, որոնք ե՛ւ մասնագիտական մարդուժի, ե՛ւ ազգային ամբողջական ու միակամ մտածելակերպով տոգորուած գաղափարներու կարիքն ունին։

Այս շրջագծէն ներս ամէնէն ահաւոր երեւոյթը անգործութիւնն ու  անկէ ծնունդ առած շարք մը ախտերն են, որոնք ամէնէն աւելին ճնշող ծանրութեամբ մտահոգիչ կը դարձնեն երիտասարդ սերունդներուն՝ համալսարանաւարտներուն, արհեստաւորներունն ու գործարարներուն, ապագային առնչուած հեռանկարները։

Յատկապէս Հալէպի մէջ, որ Սուրիոյ ճարտարարուեստի գլխաւոր ոստանը կը համարուի, գործարաններու շրջաններուն մեծ մասին ճակատումի շրջան ըլլալու պատճառով կործանեցաւ՝ իրեն հետ կործանելով տեղի գործարաններն ու արտադրողական կեդրոնները, եւ կամ կողոպուտի ենթարկուեցաւ։ Այս իսկ պատճառով մեծաթիւ հայ արհեստաւորներ կորսնցուցին իրենց աշխատանքը, կալուածն ու ունեցուածքը։

Արդ, նկատի ունենալով, որ աշխատանքը մարդու արժանապատիւ կեանքի ապահովման հիմնական ազդակն է, որ կը կոփէ ու կը մշակէ անոր միտքն ու հոգին եւ կը պատրաստէ զինք դառնալու ընկերութեան մէջ օգտակար տարր, առաւել, աշխատանքի շնորհիւ մարդը կ՛արժեւորէ իր գործունէութիւնը եւ կը ձեւակերպէ կեանքի ընթացքը, ՍՇՕՎՄ-ը վերականգնումի իր ծրագիրներուն մէջ անհրաժեշտ կը համարէ յատկապէս երիտասարդութեան գործ հայթայթելու գծով գործնական քայլերու դիմելը։

Այս առնչութեամբ նախատեսուած ծրագիրներէն է նաեւ, մարդասիրական օժանդակութեան նպատակներ հետապնդող արտերկրային դրամատուներու կամ հայկական կողմերու հետ գործակցաբար, չնչին տոկոսներով երկարաժամկէտ վարկեր տրամադրելու ծրագիրը։

Նմանօրինակ ծրագիրներու յառաջընթացը խանգարող հիմնական գործօնը երկրի անկայուն վիճակն է, սակայն անդորրը վերադառնալու պարագային այդ ծրագիրներու իրագործումը հրամայական կը դառնայ։

***

Անորոշ  կացութիւնները, յանկարծակիօրէն յայտնուող նոր իրավիճակները եւ յառաջիկայ շրջանին դիմագրաւելիք հաւանական դժուարութիւնները այս իմաստով բաւական լուրջ կացութեան դիմաց կը դնեն մարմինը, որ անընդմէջ կը քննարկէ նշեալ կացութեան մէջ մէկ կողմէն ժողովրդային իսկական կարիքները հոգալու իրեն վստահուած առաքելութիւնը արդարացնելու նիւթական ու բարոյական հնարաւոր միջոցներու ապահովումը, միւս կողմէ՝ օժանդակութեան սահմանափակուածութեան պատճառով յառաջացած հարցերը։

Այսուամենայնիւ, շնորհիւ համայնքիս ազգանուէր զաւակներուն, շրջանիս ապրած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ օժանդակութեան նուիրական աշխատանքները բծախնդիր խնայողութեամբ եւ կարգաւորութեամբ կ՛իրականացուին եւ ջանք չի խնայուիր կարիքաւորին օգնութեան փութալու եւ անոր շտապ օժանդակութիւն մատուցելու։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )