Շուէտ Աւելի Արժանի Է Մասնակցելու Մոնտիալին, Քան՝ Փորթուգալ» Կ՛ըսէ Իպրահիմովիչ

Իր լուրը քաղելով aftonbladet.se կայքէջէն՝ ArmSport.am հայկական լրատուկան կայքէջը կը մէջբերէ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչի կատարած յայտարարութիւնը, ինչ կը վերաբերի Փորթուգալի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումին։

«Մեր խումբը մեծ աշխատանք տարաւ գրաւելու համար խմբակին երկրորդ դիրքը։ Այսպիսի զօրաւոր խմբակի մը մէջ Բ. դիրքը գրաւելը ինքնին կը նկատուի մեծ իրագործում մը։ Բայց Փուրթուգալ, ընդհակառակն, պարտաւոր էր գրաւել իր խմբակին առաջին դիրքը, ինչ որ սակայն չյաջողեցաւ կատարել։ Ասիկա նկատի առնելով կու գամ ըսելու, որ Շուէտ աւելի արժանի է Պրազիլի իր տոմսը ապահովելու, քան՝ Փորթուգալ», ըսաւ Իպրահիմովիչ։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )