Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինին. Մհեր Յովհաննիսեան Զեկուցեց «Համացանցի Վրայ Հակահայ Քարոզչութեան Խնդիրները» Նիւթին Շուրջ

zrouyts1ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին կազմակերպած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ՝ չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ համացանցի հետեւողները եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդը հետաքրքրող խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը՝ «Համացանցի վրայ հակահայ քարոզչութեան խնդիրները» խորագիրով։

Բազմաթիւ ազգայիններու յատկապէս՝ երիտասարդութեան ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Աշոտ Բագրատունի, որ ողջունեց ներկաները՝ ուրուագծելով դարեր շարունակ հայը իբրեւ զոհ դարձնող պայմաններն ու ազդակները, յատկապէս թրքական քծնող քաղաքականութիւնը Եւրոպայի մէջ։ Ապա Բագրատունի պատմական հակիրճ թուարկումով նշեց, թէ ինչպէս հայը զոհ գնաց Ցեղասպանութեան այն մութ աշխարհին մէջ, ուր մարդիկ, եւրոպական գերպետութիւններ կլանուած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմով։ Հայը զոհ գնաց այն Ցեղասպանութեան, զոր մինչեւ օրս Թուրքիա կը հերքէ՝ փորձելով արդարացնել իր արարքը պատերազմի, սովի, հիւանդութեան թէ «սահմանային անվտանգութեան» համար տեղահանութեամբ…

Աշոտ Բագրատունի

Աշոտ Բագրատունի

«Սակայն հայը վերականգնեցաւ, կերտեց Սարդարապատ, հիմնեց Նեմեսիսը եւ հասաւ Լիզպոն։ Դիւանագիտական առումով գնաց Պրիւքսէլ եւ դէմ դրաւ ակռաները սրած «գորշ գայլ»-երուն», ընդգծեց Աշոտ Բագրատունի։

«Այսօր նոր դատ է, ուր չկայ հող, չկայ զէնք, չկան թուղթ ու մատիտ ու դաշնագիրներ։ Այդտեղ պարարտ հող կայ տեղեկատուութեան», շեշտեց ան՝ բեմ հրաւիրելով օրուան բանախօսը, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանը։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Մհեր Յովհաննիսեան խօսեցաւ վերջին տասնամեակներու տեղեկատուութեան նորագոյն երեւոյթին՝ համացանցին, յատկապէս հայութեան ու Հայ դատի անոր հետ առնչակցութեան շուրջ։ «Գաղտնիք չէ, որ համացանցը կարեւորագոյն միջոցառումներու «մեթոտներ»-էն մէկն է, ուր համացանցի պաստառին վրայ կը տեսնենք որոնումի համակարգերը, ցանցերը», ըսաւ Յովհաննիսեան՝ նշելով պատմական երկու օրինակներ՝ Միխայիլ Մեյերի եւ Նորմըն Սթոնի մասին։ Ան հիմնաւորեալ, փաստացի օրինակներով պարզեց, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանական եւ թրքական իշխանութիւնները սերտ ճիգեր կը թափեն անգլերէնով, ռուսերէնով եւ արաբերէնով, իսկ վերջին երկու տարիներուն նաեւ հայերէնով հակահայ քարոզչութիւն կատարելու։

Հայրենի բանախօսը յստակ մատնանշումներով թուեց համացանցին վրայ այն կայքէջերու անունները, հասցէները, որոնք «անմեղ եւ ժողովրդավար» ձեւերով կը փորձեն առաւելագոյն թիւով համակիրներ, ներառեալ՝ հայեր ներգրաւել։ Լրատուութիւնը կարճ ժամկէտ ունի, մինչդեռ գիտական հետազօտութիւնը կը ներկայացուի փաստարկումներով, հիմնաւորումներով, ինչ որ վտանգաւոր երեւոյթ նկատեց Յովհաննիսեան այն իմաստով, որ թուրքերը, եւ ազրպէյճանցիները չեն զլանար կեղծ փաստարկումներով արատաւորել հայու վարկը յաչս օտար միջազգային հանրային կարծիքին։

Ան թուական մանրամասն տուեալներով նշեց, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հսկայական գումարներ կը տրամադրեն համացանցի վրայ հակահայ քարոզչութեան համար։

Համացանցային տեսերիզով ան թուեց հակահայ բազմաթիւ ցանցերու, կայքէջերու անուններ, որոնց միջոցով փորձ կը կատարուի ներգրաւելու նաեւ հայ երիտասարդութիւնը եւ պատմական խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ փոխանցելու, ինչպէս օրինակ՝ երբ կայքէջի մը վրայ կը խօսին արեւելեան եւ արեւմտեան Ազրպէյճաններու մասին՝ իւրացնելով Երեւանը իբրեւ «ազրպէյճանական հող»։

Յովհաննիսեան լուսարձակները սփռեց նաեւ ազրպէյճանցիներու ապատեղեկատուութեան սանձարձակ սաւառնումներուն վրայ, մինչեւ իրանական ու թրքական պատմական երեւոյթներու վարկածները, ինչպէս՝ այն տեղեկութեան շրջանառութիւնը, ըստ որուն, թրքացեղ ազգեր դէպի արեւելք եւ արեւմուտք ընթացած են մեկնելով Ազրպէյճանէն՝ փորձելով վերջինս պատկերացնել իբրեւ Կեդրոնական Ասիոյ ժողովուրդներու թրքացեղ բնօրրանը։

Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ ազրպէյճանական նորագոյն կայքէջերու հակահայ քարոզչութեան, ինչպէս՝ 2011-ին ազրպէյճանական նախագահական գրադարանը, որ նոյնինքն Յովհաննիսեանի հիմնած www.armin.am կայքէջին օրինակով կը փորձէ պատճէնահանել, ընդօրինակել, որ սակայն շուտով կրնայ քողազերծուիլ, եթէ պրպտողը որոշ չափով կը հասկնայ պատմութենէն։

Փոխադարձաբար, Յովհաննիսեան նշեց այն հայկական, յատկապէս Երեւանի պետական համալսարանին առչնուած հայանպաստ կայքէջերու եւ կեդրոններու անունները՝ պարզելով անոնց (կայքէջերուն) ստեղծման նպատակները, սկզբունքները, ինչպէս՝ www.baku.am, «Արմինիըն Սթատիզ Սենթըր» եւ այլն։

Հայրենի բանախօսը զգուշացուց հայ երիտասարդութիւնը «լայք» (like) ընելէ կամ հայանուն կեղծ ընկերներու հետ բարեկամանալէ «Ֆէյսպուք»-ի էջերուն վրայ՝ կոչ ուղղելով պրպտելու եւ տարածելու հայանպաստ կայքէջերու հասցէները։ Իսկ այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պատասխանել Հայոց ցեղասպանութիւնը հերքող, անտեղեակ թուրք թէ օտար համացանցի խօսակիցին, Յովհաննիսեան տեսերիզին վրայ ցոյց տուաւ ՄԱԿ-ի մէկ աղբիւրը, ուր լեհ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքին կը բացատրէ, թէ ինք ՄԱԿ-ի մէջ ներմուծած է Ցեղասպանութիւն վարկածին յօդուածը՝ հիմնուելով եւ մեկնելով Հայոց ցեղասպանութեան նախընթացի օրինակին վրայ։ Զրոյցի շարունակութեան մէջ Յովհաննիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )