ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԱԾ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՈՎ ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ ԵՒ ԼԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆԸ` ԱՆՈՐ ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին, երէկ` երեքշաբթի, 8 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը:

Հայկազեան համալսարանի պատասխանատու տեսուչներէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան իր ողջոյնի խօսքով յայտնեց, որ կարգ մը մարդոց կեանքը հասկնալով աւելի լաւ կը հասկնանք անոնց ապրած շրջանի պատմութիւնը:

Նշելով, որ Զապէլ Եսայեան անոնցմէ մէկը կը նկատուի` «ուրեմն քիչ մը փնտռտուք է մեզի համար ասիկա», ընդգծեց դոկտ. Տագէսեան` ակնարկելով ներկայացուելիք ժապաւէնին:

Արդարեւ, պոլսահայ լրագրող Թալին Սուճեան եւ լիբանանահայ Լարա Ահարոնեան կամաւոր աշխատանքով մը ներկայացուցին իրենց պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը` 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայ ամէնէն յառաջատար կին մտաւորական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի մասին:

40 վայրկեաննոց ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ Զապէլ Եսայեանի ընտանեկան-գրական կեանքին. ժապաւէնին մէջ անոր ընտանեկան պարագաները (ինչպէս թոռնիկը` Ալեքսանտր Եսայեան…), դրացիներէն ու թաղեցիներէն ոմանք աղօտ վկայութիւններ կու տան եղերաբախտ կին մտաւորականին կեանքին դաժան օրերուն մասին: Ժապաւէնին մէջ խօսք կ՛առնեն նաեւ գրաքննադատ Մարկ Նշանեան, արուեստաբան Վարդան Ազատեան եւ այլ դէմքեր:

Կիներու միջազգային օրուան զուգադիպած ձեռնարկին ընթացքին ներկաները ապրեցան իւրայատուկ առիթ մը` ոգեկոչելով Զապէլ Եսայեան հայ ֆեմինիստը, անոր անդրշիրիմեան հետքերուն փնտռտուքով:

Ժապաւէնի ներկայացման աւարտին խօսք առաւ հիւրաբար Լիբանան գտնուող նշեալ ժապաւէնի պոլսահայ բեմադրիչ Թալին Սուճեան` շնորհակալութիւն յայտնելով Հայկազեան համալսարանի պատկան մարմիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին Լիբանանի մէջ ժապաւէնի իրագործման ու ներկայացման: Մաղթելով, որ Զապէլ Եսայեանի մասին վաւերագրական այս ժապաւէնը ներկայացուի նաեւ այլ գաղութներու մէջ, Սուճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Իր պատասխաններուն ընդմէջէն Սուճեան անդրադարձաւ կին մտաւորական Զապէլ Եսայեանի` Ստալինի օրերուն ապրած տաժանակիր պայմաններուն, որոնց ընթացքին ան ամբաստանուեցաւ իբրեւ դաշնակցական գործիչ եւ ձերբակալուեցաւ:

Հայ կին մտաւորականներուն հազուադէպ մէկ տիպարը նկարագրելով` Սուճեան յիշեցուց, թէ Եսայեան միակ հայուհին էր, որուն անունը 1915-ի սեւ ցանկին վրայ կը գտնուէր:

Նշենք, որ ժապաւէնին մէջ կարդացուեցան Եսայեանի ու անոր զաւակներուն` Սոֆիի եւ Հրանդի միջեւ փոխանակուած նամակներէն մէջբերումներ:

Ըստ Սուճեանի, հայրենի հայութիւնը Զապէլ Եսայեանին ծանօթ է յատկապէս անոր «Մուրատի ճամբորդութիւնը» գիրքին ընդմէջէն, որ լոյս տեսած էր 1993-ին` Երեւանի մէջ, Արցախեան հերոսամարտի շրջանին: Սուճեան յիշեցուց, որ ժապաւէնին երաժշտութիւնը յօրինած է Լեւոն Էրոյեան (Երեւանէն) իսկ Օսաննա Գալենտեր (Պոլիսէն) կատարած է ձայնագրութիւնները:

Խմբագրական դժուարութիւններու մասին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հարցումին պատասխանելով` Թալին Սուճեան ընդգծեց, որ ամէն ինչ «ամբողջութեամբ մեր պայմաններով եղաւ»` թուելով ժապաւէնին իրագործման նպաստած անձերուն անունները:

Share this Article
CATEGORIES