Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչերը
Հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2013-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Լիբանանի աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչներ Վեր. Հապիպ Պատր եւ վեր. տոքթ. Ժորժ Սապրա:
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր վեհափառ հայրապետը հրաւիրել հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանին մէջ՝ «Միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ:
Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ համայնքին եւ աւետարանական համայնքին միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութեան ու սերտ գործակցութեան: Վեհափառ հայրապետը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց տոքթ. Սապրային, որ միաժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանի նախագահն է, յիշեալ համալսարանին ունեցած կարեւոր դերին համար, յատկապէս աստուածաբանական կազմաւորման ծիրին մէջ: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը անցեալին ուսանած է նոյն համալսարանին մէջ, եւ մինչեւ այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ հերթաբար դասընթացքներու կը հետեւին կրթական նոյն կառոյցին մէջ: