Ճատրակ. Կիրակի, 24 Նոյեմբերին՝ Լիբանանի Ճատրակի Խմբային Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 24 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ, Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան պատկանող «Ուահտէ» սրահին մէջ (Մարզական աւանին դիմաց, Պիր Ապըտի համալիր) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը։

Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը կու գայ տեղեկացնելու, որ բոլոր այն ակումբները, որոնք կ՛ուզեն իրենց խաղացողներուն անունները արձանագրել, անոնց առիթ տրուած է առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 22 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 18։00, այդ մէկը կատարելու։

Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ ըստ զուիցերիական ոճին, այսինքն՝ 6 հանգրուան։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )