Մխիթարեան՝ Եւրոպայի Ամէնէն Շատ Կոլի Փոխանցումներ Կատարած Ֆութպոլիստներու Տասնեակին Մէջ

Ֆութպոլի վիճակագրութեան Footballtop.ru կայքէջը հրապարակեց Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող ֆութպոլիստներուն առաջին 10-ին ցանկը, որոնք ամէնէն շատ կոլի փոխանցումներ կատարած են։

Այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ «Պունտըսլիկա»-ին գծով իր կատարած 10 մրցումներուն ընթացքին դարձած է 5 կոլի փոխանցումի հեղինակ։

Լաւագոյնը կը հանդիսանայ Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ 11 մրցումի ընթացքին կատարած է 7 կոլի փոխանցում։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )