Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղաքն Ու Աղջիկները՝ Առանց Մետալի
Երէկ՝ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Լեհաստանի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները։
Հայաստանի տղաքն ու աղջիկները մնացին առանց մետալի՝ նկատի ունենալով, որ ընդհանուր վերջնական դասաւորման մէջ գրաւեցին յաջորդաբար 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը։ Տղաքը ապահովեցին 13 կէտ (5 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն), իսկ աղջիկները՝ 12 կէտ (5 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն)։
Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Ազրպէյճան (առանց պարտութեան), իսկ աղջկանց տիտղոսին՝ Ուքրանիա։
Ազրպէյճանի ետին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ֆրանսա եւ Ռուսիա, իսկ Ուքրանիոյ ետին՝ Ռուսիա եւ Լեհաստան։
CATEGORIES Մարզական

