Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր շուրջը գտնուող դեռատի կամ պատանի անձերուն հետ եղէք ուսուցանող։ Սորվեցուցէք անոնց ձեր գիտելիքներէն այն, ինչ որ կարելի է։
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անիմաստ կերպով դրամ մի՛ մսխէք, պահեցէք ձեր գումարէն մաս մը, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք, երբ յաւելեալ կարիք մը ունենաք։
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր արտաքին տեսքին կարեւորութիւն տուէք, յարմար ձեւով հագուեցէք, ինչպէս նաեւ ներկայանալի պէտք է ըլլաք մանաւանդ պաշտօնական շրջանակներու մէջ։
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարդամեքենայ մը չէք, ուրեմն կատարեցէք այն, ինչ որ ձեր բաժինն է ձեր շրջապատին մէջ։ Չափազանցութիւնները անշուշտ լաւ չեն, բայց անտարբերութիւնն ալ օգուտ մը չունի։ Բնական եղէք։
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կեանքը ունի իր պահանջները։ Մնացէք ձեր դիրքին վրայ՝ առանց յոռետեսութեան։ Ձեր նախազգացումները կրնան ձեզ առաջնորդել բնական ընթացքով։
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ստախօսներու դէմ պայքար պիտի մղէք, որպէսզի ձեր շուրջը տիրէ անկեղծ եւ բնական մթնոլորտ։ Ձեզմէ հեռացուցէք կեղծաւորները։
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր կարողութենէն վեր մի՛ ելլէք, սահման մը դրէք այն ամէն ինչին, որուն համար ստեղծուած էք։ Չափազանցութիւնը կ՛օգնէ յաջողելու։
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք է առաջքը առնէք աւելորդ ծախսի մը, քանի որ կը նախատեսէք գալիքը։ Իմաստութեամբ վարուեցէք ձեր պիւտճէին հետ։ Ո՛չ մսխումին։
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբ անհրաժեշտ գնում մը ունիք կատարելու, լաւ մտածեցէք, որպէսզի աճապարանքի մէջ անհաճոյ բան չպատահի։ Առողջական հարց մը պիտի ունենաք։ Առաջքը առէք ուշադիր հետեւողութեամբ։
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ունիք պարտականութիւններ, հետեւաբար դուք ձեր վրայ հսկեցէք։ Կը շահիք։
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ մտահոգուիք վաղուան ձեր ընելիքներուն համար։ Այսօրուան ձեր գործերը կատարեցէք, կը բաւէ։ Վաղը ուրիշ օր մըն է, մի՛ մտահոգուիք։
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խնամք տարէք ընտանեկան ձեր առօրեայ կեանքին եւ ձեր շուրջիններուն։ Օրինակելի վերաբերում ունեցէք, որպէսզի փայլիք միշտ։

