Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Շինարարական Ծրագիրները՝ Իրագործման Ընթացքի Մէջ

shinararaganՄեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով բազմաբնոյթ ծրագիրներ կը մշակէ: Այդ ծրագիրներու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւեն Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանի վերանորոգումը, Պիքֆայայի վանքի Վերածննդեան յուշարձանի շրջապատի ընդլայնումը եւ բարեզարդումը, Նահատակաց խորանի շինութիւնը եւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ ցեղասպանութեան ու որբերու թանգարանի շինութիւնը:

Յիշեալ ծրագիրներու շինարարական աշխատանքները բնականոն կերպով կÿընթանան՝ անմիջական հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու հսկողութեամբ կաթողիկոսարանի ճարտարապետական յանձնախումբին: Յիշեալ ծրագիրներուն շարքէն աւարտած է Նահատակաց խորանի շինութիւնը, որուն բարերարներն են տէր եւ տիկին Արթիւր եւ Թամար Նազարեան,  իսկ մնացեալ ծրագիրները ընթացքի մէջ են: Անոնց բարերարներն են տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան եւ իրենց զաւակները Արամ եւ Զարեհ:

Քանի մը օրեր առաջ վեհափառ հայրապետը տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն եւ ճարտարապետներուն ընկերակցութեամբ այցելեց երեք ծրագիրներուն եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ կատարուող աշխատանքներով:

 

Share this Article
CATEGORIES