Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրած է միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ Սուրիոյ դէմ բռնկած երկչոտ այս պատերազմը թիրախ կը դարձնէ քրիստոնեաները։
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի երէկ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը կիրակի, 24 նոյեմբերին պիտի նշէ նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան տարելիցը, որուն առիթով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ պիտի առաջադրէ երկրին պետական հաստատութիւնները փրկել եւ անիշխանութիւնը կանխարգիլել փորձող նախաձեռնութիւն մը։
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներ անկախ կերպով կը փոխադրուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ։
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, շեշտեց, որ Հըզպալլա մտադրած է արտաքին իր օրակարգը գործադրել՝ զանց կացուցելով լիբանանեան շահերը։
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է հեռանայ Սուրիայէն եւ իր զէնքը յանձնէ լիբանանեան բանակին։
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ տեղեկատուութեան եւ մշակոյթի նախարար Ապտել Ազիզ Խոժա հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Ռիատ այցելութիւնը նկատեց յաջող այցելութիւն մը՝ շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան։
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան որոշումը դադրած է լիբանանեան ըլլալէ եւ անոր բանալին երկրէն դուրս կը գտնուի։
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը կը գործէ այնպէս, ինչպէս ջայլամ մը։
ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի գաղթականներուն վիճակը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ եւ կը վերածուի առօրեայ չարչարանքի։
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կան մտավախութիւններ, որ Քալամունի ճակատամարտը պատճառ դառնայ Սուրիոյ տագնապին Լիբանան փոխադրութեան։
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմին ընթացքին Իրան եւ Սուրիա պիտի կռուին Հըզպալլայի կողքին։
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի ճակատամարտին նպատակն է ամբողջ Պեքաային եւ յատկապէս Արսալին տիրել։

