ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ (16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ). ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՎՐԱՍՏԱՆ` 3-1
Հայաստանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը երէկ կատարեց ֆութպոլի իր երկրորդ բարեկամական մրցումը` Վրաստանի իր հասակակիցներուն դէմ: Հակառակ անոր որ առաջին մրցումին երկու կազմերը 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էին, երկրորդին հայրենի կազմը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հակառակ անոր որ հիւր կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, սակայն Բ. կիսախաղին սկիզբը Էդուարդ Աւագեան արդիւնքը հաւասարեցուց: Ապա յաջորդաբար Նորայր Տիգրանեան եւ Վարդան Խաչատրեան նշանակեցին մնացեալ երկու կոլերը:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Սուրէն Ջախալեան:
CATEGORIES Մարզական