ՄՈԿԿԻ ՑՄԱՀ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ

Լուչիանօ Մոկկի

Եուվենթուսի նախկին ընդհանուր տնօրէն Լուչիանօ Մոկկի Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ցմահ կախակայուեցաւ` ամբաստանուելով 2006-ին մրցումներ գնած ըլլալու յանցանքով:

Մոկկի նոյն տարին արդէն իսկ հինգ տարիով կախակայուած էր, երբ ֆետերասիոնը իր մօտ հիմնական տուեալներ ունենալով փաստած էր, որ ան մրցումներ գնելով Եուվենթուսը ախոյեան ըրած էր 2005-ին եւ 2006-ին:

Սակայն յայտնապէս, այդ հինգ տարուան աւարտէն ետք, ֆետերասիոնը եկաւ այն եզրակացութեան, որ պէտք է Մոկկին ցմահ կախակայել: Անոր հետ ցմահ կախակայուեցաւ նաեւ Եուվենթուսի նախկին տնօրէն Անթոնիօ Կիրոտօ:

Ըստ ֆետերասիոնին, այս քայլին դիմելը լաւագոյնն է, որպէսզի իտալական ֆութպոլը հեռու մնայ այսպիսի զեղծարարութիւններէ, եւ մրցումներ գնելով խումբեր ախոյեան չհանդիսանան:

 

Share this Article
CATEGORIES