ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ Կ՛ՕԺԱՆԴԱԿԷ ԻՐ ԴՊՐՈՑԻՆ
Հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ 100 հազար եւրօ յատկացուց Վլատիմիր Ենգիպարեանի անուան պատանի կռփամարտիկներու դպրոցին:
«Ես չորս տարի մարզուած եմ այդ դպրոցին մէջ, ուրեմն պարտք կը զգամ նիւթական օժանդակութիւն ցոյց տալ դպրոցի աշակերտներուն: Գնած եմ այս մարզին վերաբերեալ տարբեր տեսակի մարզագոյքեր, որոնք, կը յուսամ, յառաջիկայ երեքշաբթի կը հասնին Հայաստան եւ կը բաժնուին դպրոցի սաներուն», ըսաւ գերմանահայ կռփամարտիկը` Հայաստան իր ժամանումէն անմիջապէս ետք:
Ան կը մտածէ նաեւ Երեւանի մէջ ստեղծել կռփամարտի իր մարզադպրոցը, երբ աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, ինչպէս նաեւ մարզումներուն կողքին երեխաներուն սորվեցնել անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուները:
Աշխարհի նախկին ախոյեանին կարծիքով, Հայաստանի մէջ կը գտնուին խոստմնալից երիտասարդ կռփամարտիկներ, որոնց նկատմամբ պէտք է յաւելեալ ուշադրութիւն ցուցաբերել եւ անոնցմէ պատրաստել ապագայ ախոյեաններ:
Աբրահամ շուրջ մէկ ամիս Հայաստանի մէջ արձակուրդ առնելէ ետք պիտի մեկնի Գերմանիա եւ պատրաստուի յառաջիկային իր կատարելիք ճակատումներուն:
Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ Աբրահամ ըսաւ նաեւ, որ կը պատրաստուի շուտով պսակուելու Երեւանի մէջ: