Ներկայութեամբ Մեծ Թիւով Հրաւիրեալներու`. Աթլեթիքօ Համալիրի Բացում` Տըպպայէի Մէջ

PROFOTO
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Աթլեթիքօ ակումբը պաշտօնական բացումը կատարեց Տըպպայէի շրջանին մէջ գտնուող իր նոր համալիրին. բացումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէի:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Քարամէի ներկայացուցիչը` Եասեր Ապպուշի, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, երեսփոխաններ` Սիմոն Ապի Ռամիա, Իպրահիմ Քանաան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ, Տըպպայէի քաղաքապետ Քապալան Աշքար, ֆետերասիոններու եւ ակումբներու նախագահներ, յատուկ հրաւիրեալներ, այլ կարեւոր անձնաւորութիւններ եւ մարզական լրագրողներ:


Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Ժնահի շրջանին մէջ զոհուածներուն յիշատակը` մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ, թէ Աթլեթիքօ ակումբը ինչպէ՛ս դրաւ իր հիմերը` իրեն նախագահ ունենալով Ռոպեր Փաուլին:
Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 800 ֆութպոլիստներ կը մարզուին ակումբին մէջ` գործակցութեամբ ֆրանսական Լիոն ակումբին:
Իր խօսքին մէջ Ռոպեր Փաուլի ըսաւ, որ այս ակումբին հիմնադրութենէն ի վեր բոլորը իրարու հետ կը խօսին մէկ լեզուով, որ միայն մարզանքն է: Անոնք իրարու հետ կը մարզուին, ոչ մէկ ատեն քաղաքական, կրօնական կամ այլ տեսակի նիւթեր արծարծելով:
Աւարտին, Լիոն ակումբին ներկայացուցիչին կողմէ Փաուլիի տրուած յատուկ յուշանուէրէն ետք, Ապպուշի, Ապու Ռամիա եւ Քանաան բացումը կատարեցին ֆութպոլի այս համալիրին` գնդակը հարուածելով յատուկ կերպով շինուած ֆութպոլի բերդին մէջ:

