Նշմար. Սկուտեղի Վրայ Ներկայացուած Առիթ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 19 նոյեմբերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով, որ Թուրքիա այդ նոյն օրը 120 քուէ ստանալով` 2013-էն 2017 թուականը երկարող ժամանակաշրջանին համար ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ, եւ իբրեւ այդպիսին` «Թուրքիա մտադիր է միջազգային մակարդակի վրայ բաժնեկցիլ իրենինները (մշակութային ժառանգի վայրերը) կառավարելու եւ պաշտպանելու իր ձեռք բերած գիտութիւնը»:
Առաջին ընթերցումով այս յայտարարութիւնը չի կրնար հայկական պատմական հողերուն վրայ գտնուող մեր եկեղեցիներուն եւ այլ պատմական շինութեանց ներկայ վիճակին ու արժանացած վերաբերմունքին ծանօթ ոեւէ հայու համար հեգնական չթուիլ: Սակայն այս յայտարարութիւնը նաեւ տողատակի խոստովանութիւն մըն ալ կը բովանդակէ. Թուրքիա այդ մշակութային կոթողները «օտար» կը նկատէ, ուստի անոնց «պատմական անախորժ վկայութենէն» կը փորձէ ձերբազատիլ, ինչպէս պարտիզպան մը` անպիտան ու վնասակար մոլախոտերէն: Ահա թէ ինչու հայկականը կը բացակայի այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուած` Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ գտնուող եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներառուած Քարէ դարաշրջանի, հելլենական, հռոմէական, բիւզանդական, սելճուքեան եւ օսմանեան ժամանակաշրջաններու 11 վայրերէն, որոնք հաղորդագրութեան վկայութեամբ «անատոլական քաղաքակրթութեան տարբեր շերտերը կը ներկայացնեն»:
Թուրքիա` իբրեւ 1972-ի Համաշխարհային ժառանգութեան համաձայնութիւնը ստորագրած երկիր, ոչ միայն Համաշխարհային ժառանգութիւնը, այլ նաեւ իր ազգային ժառանգութիւնը պաշտպանելու յանձնառութեան տակ է: Եթէ թրքական ազգային ժառանգութեան մաս չկազմող հելլենականը, հռոմէականը եւ բիւզանդականը արժանի են այդ ցանկին վրայ գտնուելու, ինչքան աւելի արժանի է հայկականը, մասնաւորաբար Անին իր 1001 եկեղեցիներով:
Թուրքիան` իբրեւ այդ համաձայնութիւնը ստորագրած պետութիւն եւ այդ համաձայնութեան գործադրութեան պատասխանատու Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ 21 երկիրներէն մէկը, պէտք է իր գործընկերներուն կողմէ հաշուետուութեան կանչուի: Այլ հարց, թէ Թուրքիոյ նման երկիր մը ինչպէ՞ս այդ կոմիտէի անդամ ընտրուած է կամ ընդհանրապէս իբրեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ ընդունուած: Սակայն լաւ է, որ այդպէս եղած է, որովհետեւ հայկական կողմին համար ստեղծուած է թրքական իշխանութիւնները հաշուետուութեան կանչելու եւ հայկական կոթողներու պաշտպանութիւնը ապահովելու առիթ մը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ մասնաւորաբար Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին պէտք է յիշեցնել, որ այդ կոմիտէի ռազմավարական 5 նպատակներէն մէկը «հաւաստիութիւն»-ն է, եւ զայն հրաւիրել Թուրքիան իր պարտաւորութեանց տէր կանգնելու մղելով` նշեալ կոմիտէին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հաւաստիութիւնը փրկելու:
Թուրքիա նախապէս 1983-էն 1989 այս կոմիտէին անդամ եղած է: Տեղեակ չենք, եթէ օրին այս ուղղութեամբ որեւէ քայլ առնուած է. ներկայիս մինչեւ 2017 ժամանակ ունինք մեր ժառանգութեանց պաշտպանութեան հարցը հետապնդելու, ինչու չէ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ձեռնարկուելիք քայլերէն մէկը: Սկուտեղի վրայ մեզի ներկայացուած այս առիթը չանտեսենք:

