Հայաստանի Վարչապետի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պաշտպանութեան Նախարարութեան Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին

vartchabedՆախորդ շաբաթավերջին Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը` ներկայութեամբ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խումբը տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով յաղթելէ ետք ոստիկանութեան խումբին:

Նշենք, որ 3-րդ դիրքի մրցումին յաղթական դուրս եկաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան խումբը:

Յաղթական խումբին տիտղոսը եւ մրցանակակիրներուն մետալները յանձնեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ շնորհաւորելով բոլորը ըսաւ, որ ոչ ոք պարտուեցաւ այս մրցաշարքին, այլ բոլորն ալ եղան յաղթական:

Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով:

 

Share this Article
CATEGORIES