ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ «ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՂ» ԵՒ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ» ԿՈՉՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է
«Tert.am» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ դիտողութիւն կատարած է ազրպէյճանցի լրագրողի մը, որ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին վերաբերեալ իր հարցումին մէջ Հայաստանի համար օգտագործած է «բռնագրաւող» եւ «նախայարձակ» ածականները:
Ռուս պաշտօնատարը անոր հարցումին պատասխանելէ առաջ յայտնած է. «Նախ եւ առաջ պիտի ուզէի մեր գործընկերներէն խնդրել, որ զգուշ ըլլան իրենց օգտագործած բառապաշարին: Օգտագործուած ձեւակերպումները ճիշդ չեն, իսկ հոլովոյթին զգայնութիւնը հաշուի առնելով` ամբողջովին անընդունելի»:
CATEGORIES Հայկական


