Սէուտական Արաբիա Իրանի Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը Դէպի Յառաջ Քայլ Մը Կը Նկատէ

Ճոն Քերրի

Ճոն Քերրի

Սէուտական կառավարութիւնը գահաժառանգ, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանի գլխաւորութեամբ Ռիատի Եամամա պալատին մէջ գումարուած ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «եթէ բարի կամեցողութիւնը ապահովուի», Ժընեւի մէջ Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը «իրանեան հիւլէական ծրագիրի համապարփակ լուծման հասնելու ուղղութեամբ նախնական քայլ մը կրնայ ըլլալ»:

Քերրի. «Հիւլէական Համաձայնութիւնը
Իսրայէլը Աւելի Ապահով Պիտի Դարձնէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Իրանի հետ գոյացած համաձայնութիւնը յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին Իսրայէլը աւելի ապահով պիտի դարձնէ:

Քերրի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ «Իսրայէլ Իրանի մէջ տեղի ունեցողէն վտանգուած էր, սակայն կը կարծեմ, որ այս օրուընէ սկսեալ եւ յառաջիկայ վեց ամսուան ընթացքին, Իսրայէլ իրողապէս աւելի ապահով պիտի ըլլայ, քան երէկ էր, որովհետեւ ներկայիս ունինք մեքանիզմ մը, որուն հիմամբ պիտի երկարաձգենք այն ժամանակը, որուն ընթացքին իրանցիները կրնան դէպի հիւլէական ռումբի արտադրում յառաջանալ: Անոնց ծրագիրին մասին պիտի ունենանք յստակ պատկերացում մը, զոր նախապէս չունէինք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ «Իրանի վերաբերեալ համաձայնութեան գործադրութիւնը Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային վահան ստեղծելու պատճառները պիտի ջնջէ»:

Զարիֆ. «Իրան Պատրաստ Է Իր Շրջապատի
Մտահոգութիւնները Փարատելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «հիւլէական զէնքը ապահովութիւն չի բերեր, այլ իրարու հակադրուած երկու կողմերուն մահ եւ բնաջնջում կը նշանակէ»` աւելցնելով, որ Իրանի ուժը հրասայլերու, զէնքերու կամ նոյնիսկ հիւլէական զէնքի մէջ չէ, այլ` մարդկային եւ գիտական ազդու ուժին մէջ, «եւ մենք մեր շրջապատին մէջ զէնքի ուժին պէտք չունինք, մենք պատրաստ ենք մեր շրջապատին մտահոգութիւնները փարատելու եւ դրացի երկիրներու աջակցութիւն տրամադրելու»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը պատրաստ չէ «իր ձեռքերը հիւլէական զէնքով ապականելու»:

Զարիֆ ըսաւ, որ Իրան պիտի պահէ հիւլէական ճարտարագիտութիւնը, որ Իրանի խաղաղ նպատակներով իւրանիոմի հարստացում կատարելու իրաւունքի ճանաչումէն ետք անխլելի իրաւունք մըն է:

«Այն ինչ որ Արեւմուտքը բանակցութեանց սեղան նստելու մղեց այն եզրակացութիւնն է, որ ճնշումի քաղաքականութիւնը իրանցի ժողովուրդին վրայ ազդեցութիւն չունի, իսկ ազդողը շինիչ արդիւնքներու ձեռքբերման համար բանակցութեանց սեղան նստիլն է», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը ներկայ հանգրուանին իրանցի ժողովուրդին վստահութիւնը պէտք է շահի, որովհետեւ Արեւմուտքը իրանցի ժողովուրդին հետ միայն հաւասարէ հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի ճամբով կրնայ խօսիլ»:

 

Share this Article
CATEGORIES