ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ հետեւակ զինուորներու 20 հոգինոց ջոկատ մը երէկ Քֆարշուպայի մօտակայքէն խզած է սահմանային Կապոյտ գիծը եւ մուտք գործած Լիբանան, սակայն ան ձախողելով գերեվարել լիբանանցի հովիւ մը` փախուստ տուած է լիբանանեան հողերէն:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ անհրաժեշտ էր Պաաս կուսակցութիւնը ներկայացնել Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ` աւելցնելով, որ ինք անձամբ վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ կառավարութեան:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութեան վստահութեան քուէն ստանալէն ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ուղղուի Դամասկոս եւ հանդիպում մը ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լրջօրէն կը սերտէ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերադառնալու կարելիութիւնները»:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի աշխատի կասեցնելու փտածութիւնն ու մսխումները, ինչպէս նաեւ բոլորին պարագային անխտիր գործադրելու օրէնքները:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ հաստատեց, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին թղթածրարը:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան նպատակն է պաշտպանել Լիբանանը եւ լուծել անոր ընկերային ու տնտեսական հարցերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութեան մէջ կան բազմաթիւ անմեղներ, ինչպէս նաեւ` անթիւ աղուէսներ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան արտաքին յստակ քաղաքականութիւն մը ունի, որուն ծիրին մէջ ան կառչած կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Լիբանանի կառավարութիւնը յաջողին` աւելցնելով, որ այս իմաստով իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը պիտի ըլլայ ամբողջական եւ յստակ կերպով պիտի անդրադառնայ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան: