«Թելեթոն-2013»-ի Ծիրին Մէջ. Արցախի Նախագահը Հասաւ Լոս Անճելըս
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթ օր աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Լոս Անճելըս, ուր կիրակի օր մասնակցեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2013»-ի շրջագիծին մէջ կազմակերպուած կալա ձեռնարկին եւ հանդէս եկաւ ելոյթով:
Ան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման ընթացքը, անդրադարձաւ «Թելեթոն-2013»-ի հիմնական նպատակը հանդիսացող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին կառուցման հետ կապուած հարցերուն: Սահակեանի բնութագրումով` ճամբու շահագործումը միանգամընդմիշտ պիտի լուծէ ընկերային-տնտեսական եւ ռազմավարական բազմաթիւ խնդիրներ, լուրջ հիմք պիտի հանդիսանայ Մարտակերտի եւ Շահումեանի շրջաններու եւ ամբողջ Ղարաբաղի զարգացման ու զօրացման համար:
Նախագահ Սահակեան նաեւ շնորհաւորեց ներկաները Միացեալ Նահանգներու միջազգային ճանաչման 230-ամեակին առիթով` նշելով, որ ատիկա համաշխարհային պատմութեան մէջ ազգերու ինքորոշման եւ մարդու իրաւունքներու ճանաչման ու յարգման ամէնէն առանցքային յաղթանակներէն մէկն է:

