Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ռուսիա – Հայաստան` 2-2

Ռուսիա – Հայաստան երէկուան մրցումէն
Երէկ` երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ սկսաւ ճատրակի աշխարհի տղոց խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գործող ախոյեան Հայաստան:
Ա. հանգրուանին (ախոյեանութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 5 դեկտեմբեր) իր կատարած առաջին հանդիպումին, Հայաստան իրեն մրցակից ունէր Ռուսիան:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով` նկատի ունենալով, որ չորս քարատախտակներուն վրայ ալ կատարուած ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Յաջորդաբար, առաջին քարատախտակէն մինչեւ չորրորդը ելոյթ ունեցան Լեւոն Արոնեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան: Անոնք յաջորդաբար իրենց դէմ ունեցան Վլատիմիր Քրամնիքը, Սերկէյ Քարժաքինը, Ալեքսանտր Կրիսչուքը եւ Իան Նեփոմնիաչին:
Մնացեալ մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Գերմանիա – Եգիպտոս 2-2
Թուրքիա – Ազրպէյճան 1,5-2,5
Հոլանտա – Չինաստան 1,5-2,5
Ուքրանիա – Միացեալ Նահանգներ 2,5-1,5

