Ախոյեան Աշոտ Դանիէլեան Ուրախութեամբ Ընդունուեցաւ Հայաստանի Մէջ
25 նոյեմբերի ուշ երեկոյեան սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը խլած արցախցի մարզիկ Աշոտ Դանիէլեան արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան ան երկրորդ անգամ ըլլալով խլեց աշխարհի ախոյեանութեան կոչումը:
Պրոնզէ մետալներով հայրենիք վերադարձան 48 քկ ծանրութեան Երջանիկ Կարապետեան, 52 քկ ծանրութեան Սօսէ Բալասանեան, 52 քկ ծանրութեան Տիգրան Կիրակոսեան եւ 74 քկ ծանրութեան Մաւրիկ Նասիբեան:
Սամպօ մարզաձեւի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով յոբելենական մետալով պարգեւատրուած է Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան:
CATEGORIES Մարզական

