ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻՆ ՑԵՂԱԽՄԲԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ցուցարարներ` Սանաայի մէջ

Մինչ բանակը մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տարածուեցաւ, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի 32-ամեայ իշխանութեան աւարտը պահանջող ցոյցերը ընդլայնելով առաջին անգամ ըլլալով ներգրաւեցին ցեղախմբային շրջանները, որոնք նախագահին քաղաքական ամրոցները կը նկատուին:

Շուրջ տասը հազար ցուցարարներ Սանաայէն շուրջ 60 քիլոմեթր հարաւ գտնուող Տհամարի մէջ քայլարշաւ մը կատարեցին: Տհամար ծանօթ է Սալեհի հետ իր կապերով, եւ Եմէնի վարչապետին, ներքին գործոց նախարարին եւ աւագ դատաւորին ծննդավայրն է: Այդ քաղաքին մէջ Սալեհի համակիրներուն կատարած ցոյցէն երկու օր ետք, ցուցարարները «Հեռացի՛ր, հեռացի՛ր» կը բացագանչէին:

Ցուցարարները քարկոծեցին քաղաքապետարանի պաշտօնատար մը, ապա քայլարշաւը աւարտելով սկսան նստացոյցի մը, որ ըստ իրենց, պիտի երկարի մինչեւ Սալեհի տապալումը:

Մայրաքաղաք Սանաայի մէջ, ուր հազարաւոր ցուցարարներ շաբաթներէ ի վեր նստացոյց կը կատարեն, զինուորներ փոխադրող բանակային մեքենաներ տարածուեցան քաղաքի թաղերուն մէջ` առ ի նախազգուշութիւն երիտասարդ գործիչներու կողմէ դէպի նախագահական պալատ քայլարշաւ կատարելու կոչերուն:

Ոստիկանութիւնը նաեւ ջրաշիթ մեքենաներ պատրաստ վիճակի մէջ դրաւ եւ Սանաայի համալսարանին շուրջ պատնէշներ հաստատեց:

Share this Article
CATEGORIES