Թուրքիա Կ՛ականազերծէ Հայաստանի Հետ Սահմանը
Թրքական «Պիւկիւն» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա որոշած է ականազերծել Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին յարակից 11 միլիոն 665 հազար քառակուսի մեթր տարածքը: Նախագիծի հաստատուած պիւտճէն է 52 միլիոն եւրօ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը նախատեսէ շրջանները ականներէն մաքրելու աշխատանքներու սկսիլ 2014-ին:
52 միլիոն 450 հազար եւրօ կազմող պիւտճէի 75 առ հարիւրը պիտի վճարէ Եւրոպական Միութիւնը, իսկ 25 առ հարիւրը պիտի վճարուի Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէէն:
Համապատասխան սարքաւորումներ գնելու համար յատկացուած է 26 միլիոն 400 հազար եւրօ: Այդ գումարով պիտի գնուին ականներ յայտնաբերող սարքեր, միաժամանակ համակարգչային համակարգեր, որոնք նաեւ տեսանկարահանելու կարելիութեամբ յագեցած պիտի ըլլան:
CATEGORIES Հայկական

