Յուսիկ Եւ Մակար Վարդապետներ Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան Ստացան
Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, կաթողիկոսարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» եպիսկոպոսական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն: Արդարեւ, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան եւ Մակար վրդ. Աշգարեան իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին ու պաշտպանեցին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեամբ: Հայր Յուսիկին աւարտաճառի նիւթն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւներէն լոյս բերուած «Սահակ Բ. կաթողիկոսի ստացած նամակները 1914-էն 1930»: Իսկ հայր Մակարին աւարտաճառի նիւթն էր «Ամէնօրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի յաւերժ կուսութիւնը»: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց կատարուած աշխատանքը, իր նկատողութիւններն ու թելադրութիւնները կատարեց, որպէսզի կատարուած ակադեմական աշխատանքը աւելի յստակ ու հասկնալի ըլլայ:
Յայտնենք նաեւ, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան աւարտին, կարդացուեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ գրուած երկու կոնդակներ, որոնցմով Ղեւոնդ վրդ. Բէնթէզեանն ու Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանը վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացան:
Կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեանն ու Մակար վրդ. Աշգարեանը` ձեռամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, խարտաւիլակութեամբ` Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Սիփան վրդ. Քէչէճեանի:
Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, երկու հայր սուրբերը ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը ստացան: Ձեռնադրութենէն ետք Սեպուհ սրբազան խօսք առնելով խօսեցաւ ծայրագնութեան աստիճանի կարեւորութեան մասին, եւ երկու հայր սուրբերուն ուշադրութեան յանձնեց, որ այս ձեռնադրութեամբ իրենց ուսերուն վրայ աւելի կը ծանրանայ Քրիստոսի լուծը, որուն պէտք է ընդառաջեն նուիրուածութեամբ, անխոնջ աշխատանքով, զօրաւոր հաւատքով, հեզութեամբ ու ծառայասիրութեամբ: Սրբազանը նաեւ ըսաւ. «Այսօր դուք ստացաք ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան եւ արժանացաք կոչուելու մեծ վարդապետ: Մեծ կոչումը ոչ թէ մեծութեան, պատիւի ու փառքի մէջ է, այլ իսկական ծառայութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան»:
Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը երկու ծայրագոյն վարդապետները, Սեպուհ սրբազանի գլխաւորութեամբ ընդունեց իր գրասենեակը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց: