Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կարմիր գիծ է, եւ Արեւմուտքին հետ բանակցութիւնները այս կամ այն երկրին հաշուոյն պիտի չըլլան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Քաայի մէջ բացայայտեց «Կրատ» տիպի երեք հրթիռներ, որոնք լարուած էին եւ պատրաստ պայթելու: Բանակի սակրաւորները իսկոյն փութացին Քաա եւ վնասազերծեցին զանոնք:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած երկխօսութիւնը պիտի արդիւնաւորուի ներքին լիբանանեան հանդարտութեամբ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ բոլորին համար արդէն իսկ յստակ է, որ Լիբանանի մէջ կրնայ իշխել միայն չէզոք կառավարութիւնը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը տակաւին պայթելու ենթակայ չէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան տագնապը ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային մակարդակի ծրագիրներու:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա կը փափաքի երկարաձգել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը, իսկ Իրան կրնայ ընդառաջել ֆրանսական այդ փափաքին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինք 25 մարտէն առաջ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի չանդրադառնայ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Հռոմ կատարած վերջին այցելութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունէր` նկատի ունենալով, որ ան Ֆրանչիսկոս Ա. պապին հետ ունեցած երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած էր Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ դրուած են շշուկներ, թէ Ահմետ Ասիր կը բնակի Հարաւային արուարձաններուն մօտակայ շրջանի մը մէջ` իր շիի մօր ազգականներուն կողմէ տրամադրուած ապահովութեամբ: Նոյն լուրերուն համաձայն, Ասիր Հարաւային արուարձաններուն մէջ կը շրջագայի տիւրզի շէյխի տարազով:
ԿԸ նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան համար Պքերքէի առաջադրելիք 7 թեկնածուները ըլլան հետեւեալները. Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, նախկին նախարար Ժան Օպէյտ եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութեան հետ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերու պլոքներուն հետ համախմբումի երեսփոխաններուն ունեցած հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը տակաւին կը մերժէ հանդիպումի ժամադրութիւն մը ճշդել:

