Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն. Տեղի Ունեցաւ 2013-ի Տարիքային Մրցանակակիրներուն Մետալներու Տուչութիւնը
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Թամըր – Ռոթանա պանդոկին մէջ (Հազմիէ), Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութիւնը կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր անոնց, որոնք Պէյրութի 2013-ի միջազգային մարաթոնին գրաւած էին առաջին երեք դիրքերէն մէկը` տղոց եւ աղջկանց տարիքային վազքի մրցումներուն:
Այս միջոցառումին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի գործակատար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Եասեր Ապպուշի, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի, միութիւններու, վարժարաններու, բարեսիրական հաստատութիւններու, մարզական ակումբներու, քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Մասնակցող համալսարաններուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանը, որ մարաթոնին մասնակցեցաւ 1220 երկսեռ վազողներով, իսկ վարժարաններուն մէջ առաջին հանդիսացաւ (168 մասնակցող) «Այ. Սի.»-ն:
Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլոր մասնակցողներուն եւ անոնց յաջողութիւն մաղթուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք վազքի այլ մրցումներու առումով: