Լիբանանի Ֆութսալի Ազգային Խումբը Այսօր Կը Մեկնի Մալեզիա
Այսօր` երկուշաբթի, 2 դեկտեմբերին, Քուալա Լամփուր (Մալեզիա) կը մեկնի Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը` պատրաստուելու եւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի մրցաշարքին վերաբերող յատուկ բանակավայրի մը մասնակցելու համար: Այս մրցաշարքին արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան 2014-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը:
Նշենք, որ Մալեզիոյ մէջ Արեւմտեան Ասիոյ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 8-12 դեկտեմբերին:
Լիբանանէն բացի Արեւմտեան Ասիոյ այս մրցաշարքին կը մասնակցին Քուէյթ, Քաթար, Իրաք եւ Սէուտական Արաբիա:
Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ 2014-ի բաժակի մրցաշարքին տոմս մը ապահովելու համար Լիբանան պէտք է առաջին երեք դիրքերէն մէկը գրաւէ:
Նշենք, որ Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին մարզիչն է սպանացի Ֆրանչիսքօ Խաւիէ «Փաքօ» Արաուժօ Ֆեռնանտես, իսկ անոր օգնականը` Շարպել Քրայեմ:
Նշենք, որ 14 մարզիկներէ բաղկացած Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբին ոեւէ հայ մարզիկ մաս չի կազմեր: