Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Վարդապե՛տ, Եթէ Պատարագին Ներկայ Ըլլամ, Աստուած Ինծի Կու Տա՞յ Հարիւր Հազար Ոսկի, Զոր Կը Շահիմ, Եթէ Կիրակի Օրը Չգամ Եկեղեցի»…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ հայր Միքայէլ, գիտես, «Հաւատքի տարի»-ն կը հասնի իր փակումին` մեզի թելադրելով շարունակել մեր հաւատքին ընթացքը Յիսուսի մէջ ու Քրիստոսի համար, որ իր կեանքը զոհաբերեց մարդերը սիրելու, երջանկացնելու եւ փրկելու անյագ տենչէն:
Այս նոյն Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուածամա՛րդը, որուն խօսքին ուժականութիւնն ու դիպուկութիւնը չեն միայն իր հրաշագործութիւններուն մէջ, այլ նաեւ անոր ճշմարտացիութեան ու հոգեկանութեան մէջ են առաջնահերթօրէն:
Ա՛յս իսկ պատճառով միայն Յիսուս Քրիստոս, Աստուածամա՛րդը, կրնար, կրցաւ եւ միշտ կրնայ յայտարարել արար աշխարհին, պատմութեան դիմաց, ժամանակին մէջ ու յաւիտենականութեան համար. «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտթ. 24,35):
Այո՛, այս նոյն Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուածամա՛րդը, որ «կը սորվեցնէր իշխանութիւն ունեցողին պէս եւ ո՛չ դպիրներուն նման», այնքան, որ ոչ միայն «ժողովուրդը հիացած էր Անոր վարդապետութեան վրայ» (Մտթ. 7,28), այլ նաեւ «մարդեր զարմացած` կը հարցնէին իրարու», թէ «ո՞վ է Ասիկա, որուն խօսքին կը հնազանդին հովն ու ծովը» (Մտթ. 8,27):
Այո՛, այս նոյն Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուածամա՛րդը լոկ, որ կրնար, կրցաւ եւ միշտ կրնայ վկայել, թէ «Ես Հայր Աստուծոյ մէջ եմ, եւ Հայրը` իմ մէջս: Խօսքերը, որոնք կ՛ըսեմ ձեզի, ինծմէ չէ, որ Ես կ՛ըսեմ, այլ` Հայրը, որ իմ մէջս է» (Յվհ. 14,10), այսօր կարդացուած աւետարանին (Ղկ. 12,20-31) մէջ ի՜նչ խօսքեր ըսաւ եւ ի՜նչ դասեր տուաւ: Անոնցմէ քանի մը անյեղլի իմաստութիւններ քաղե՛նք «ի վերուստ»:
«Անմի՛տ», անուանեց Յիսուս այն մարդը, հարուստ կամ` ոչ, որ ինքզինք կը համոզէ, թէ «ահաւասիկ ամբարուած անսպառ պարէն ունիս երկար տարիներու համար. հանգստացի՛ր, կե՛ր, խմէ՛ ու զուարճացի՛ր» (Ղկ. 12,19): «Անմի՛տ», որովհետեւ «այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի պահանջեն քեզմէ, եւ ամբարածդ որո՞ւ պիտի մնայ…»:
Եսասէր բոլոր նիւթապաշտներուն եւ դրամասէրներուն վախճանը կը բնորոշուի. «Ահաւասիկ, ի՛նչ կը պատահի անոր, որ իր անձին համար գանձեր կը հաւաքէ` փոխանակ հարստանալու Աստուծոյ առջեւ»:
Առօրեայի հեւքի ու խօլավազքի մատնուածներուն, որոնք իրենց զբաղումներուն մէջ ժամանակ չունին Աստուծոյ համար եւ կը մոռնան իրենց կրօնական պարտաւորութիւնները, մեր Աստուածային Վարդապետը կը հրահանգէ. «Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, եւ ո՛չ ալ ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք»:
«Կեանքը,- կ՛եզրակացնէ Յիսուս,- «աւելի կ՛արժէ, քան սնունդը», որուն համար կորսնցուցած են մարդիկ իրենց վստահութիւնն Աստուծոյ վրայ, «եւ մարմինը` աւելի քան հագուստը», որուն հիւանդագին մտահոգութենէն կլանուած են մարդիկ:
Առօրեայի շնչասպառ հեւքին զոհերէն մին` համայնքաւոր բարեմիտ մը, եղբայրական առարկութեանս, թէ ինչո՞ւ եկեղեցի չի գար` մասնակցելու կիրակնօրեայ Ս. պատարագին, պատասխանեց. «Վարդապե՛տ, պատարագին եթէ ներկայ ըլլամ, Աստուած ինծի կու տա՞յ հարիւր հազար ոսկի, զոր կը շահիմ, եթէ կիրակի օրը չգամ եկեղեցի…»:
«Այո՛, Աստուած կու տայ, և աւելի՛ն», պատասխանեցի ժպտելով: Անոր պատմեցի «Նախախնամութիւնը կը հոգայ ամէն բան» վերտառեալ այն հատուածին մասին (Ղկ. 12,22-31), որ կը բովանդակէ մարդասէր Յիսուսի սրտէն եւ բերնէն ելած խօսքերը, որոնք ոչ միայն «հոգի ու կեանք են», այլեւ «յաւիտենական կեանքին խօսքերն» են (Յվհ. 6,63, 68):
«Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը ցանեն, ո՛չ շտեմարան ունին եւ ո՛չ ալ մարան. սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք. որքան աւելի ձեզ, որ աւելի կ՛արժէք թռչուններէն: Նայեցէ՛ք շուշանին. ո՛չ կը մանէ, ո՛չ ալ կը հիւսէ եւ սակայն նոյնինքն Սողոմոն անոնցմէ մէկուն պէս չհագաւ իր բոլոր պերճանքներուն մէջ: Եթէ Աստուած դաշտերու վրայ այդպէս կը զգեստաւորէ խոտերը, որոնք այսօր կան եւ վաղը կը նետուին կրակին մէջ, որքա՜ն աւելին պիտի ընէ ձեզի, թերահաւատնե՛ր: Ուրեմն, դուք մի՛ փնտռէք, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ ի՛նչ պիտի խմէք. մի՛ մտահոգուիք: Որովհետեւ այդ բոլորը կը փնտռեն աշխարհի հեթանոսները, իսկ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր կարիքները»:
Արդ, ի՞նչ ընել, մանաւանդ երբ Արարիչէն մեզմէ իւրաքանչիւրին կը հրահանգուի, թէ` «քու ճակատիդ քրտինքով պիտի ուտես քու հացդ» (Ծնն. 3,19): Պատասխանը կ՛ընդունինք մեր Աստուածային Դաստիարակէն. «Դուք փնտռեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը, և ամէն բան պիտի տրուի ձեզի աւելիով»:
Ամէն օր պիտի տրամադրես ժամանակ Աստուծոյ եւ պատեհ առիթը պիտի գտնես Յիսուսի հետ քու կիրակնօրեայ հանդիպումիդ հո՛ն, ուր իր սրբարար Մարմինով եւ Արիւնով իրապէս ներկայ է, եկեղեցիի՛ն մէջ: Առաջնահերթութիւններ պիտի դնես քու առօրեայիդ մէջ: Ուշադի՛ր, գլխատառ Առաջինը, Առաջնահերթը միշտ Աստուած է, որ գիտէ կարգաւորել ու պտղաբերել ամէնօրեայ զբաղումներդ, ինչպէս նաեւ կրնայ շնորհել իմաստ, որակ ու քանակ մնացեալ առաջնահերթութիւններուդ:
Հուսկ, եզրակացուցի առարկողին. «Մենք չենք ապրիր ուտելու, այլ կ՛ուտենք ապրելու եւ մեր առօրեային մէջ Աստուծոյ ծառայելու համար: Աստուածով զբաղէ՛ քիչ մը, եւ Աստուած շա՛տ կը զբաղի քեզմով: Այն ատեն Աստուած կ՛օրհնէ հեւքդ, կը թեթեւցնէ յոգնութիւնդ, կ՛արդիւնաբերէ աշխատանքդ եւ կը ժպտեցնէ առօրեադ»:
Այնճար, 24 նոյեմբեր 2013

