Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին. Թենիսի Մարզական Երկար Օր` «Ֆիթնես Զոն»-ի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի թենիսի ազգային խումբի մարզիչ Ֆետի Եուսեֆ կիրակի, 8 դեկտեմբերին, «Ֆիթնես Զոն» ակումբին (Պաապտա) մէջ կը կազմակերպէ թենիսի մարզական երկար օր մը բոլոր անոնց համար, որոնց տարիքը կը տարուբերի 5-12 տարեկանի միջեւ (երկսեռ):

Տեղի պիտի ունենան փորձ-մրցումներ, մասնակցողներուն պիտի տրուին յատուկ ցուցմունքներ եւ պիտի բացատրուի, թէ ինչպէ՛ս կը կիրարկուի այս մարզը:

Աւարտին բոլոր մասնակցողներուն պիտի տրուին յատուկ յուշանուէրներ:

Այս մարզական երկար օրուան աւարտին պիտի պարգեւատրուի Սարա Նասիֆ, որ Արեւմտեան Ասիոյ 13 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեանութեան հանդիսացաւ երկրորդ:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակցիլ մարզական այս օրուան, պէտք է անյապաղ կապ հաստատեն մարզիչ Ֆատի Եուսեֆի հետ` հեռաձայնելով 03-646763 թիւին:

 

Share this Article
CATEGORIES