Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին. Թրիաթլոնի 2013-ի Ախոյեանութիւն

Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին որոշեց կայացնել 2013-ի Լիբանանի թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:

Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ «2013-ի լիբանանեան բանակի նահատակներ» անունին ներքեւ` առ ի յարգանս այս տարուան ընթացքին նահատակուած բանակայիններու յիշատակին` կիրակի, 8 դեկտեմբերին:

Անիկա պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Մանարայի շրջանէն, ուղղուելով դէպի «Ֆենիսիա» պանդոկ, ապա վերադառնալով սկիզբի վայրը:

Ֆետերասիոնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ տարիքային դասակարգի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել նաեւ օտար մարզիկներ:

Ֆետերասիոնը իր հրաւէրը ուղղեց բոլոր ակումբներուն եւ մարզիկներուն` առանց սակայն ստիպողական նկատելու զայն:

Արձանագրութիւններուն համար կարելի է կապ հաստատել ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Խալիֆէի հետ (70-825268) եւ կամ [email protected]  հասցէին ուղարկել անունները:

Share this Article
CATEGORIES