Լիոնել Մեսսի` «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Իր լուրը քաղելով insidespanishfootball.com կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ սպանական «Լա լիկա»-ն հրապարակեց 2012-2013 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկը:
Մրցաշարքին ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, իսկ լաւագոյն յառաջապահը` Պարսելոնայի ռմբաձիգ Լիոնել Մեսսին:
Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն մարզիչը:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ բաժնուած տիտղոսներուն, լաւագոյն բերդապահ` Թիպօ Քուրտուան (Աթլեթիքօ Մատրիտ), լաւագոյն յետսապահ` Սերճիօ Ռամոս (Ռէալ Մատրիտ), լաւագոյն միջնապահ` Ասիեր Իլիարամենտի (Ռէալ Մատրիտ), լաւագոյն յարձակողական ոճի միջնապահ` Անտրես Ինիեսթա (Պարսելոնա), եւ վերջապէս` տարուան լաւագոյն յայտնութիւնը` Ասիեր Իլիարամենտի:
CATEGORIES Մարզական

