Ճատրակ. Լիբանանի Արագ Ախոյեանութիւն. Ամրօ Ժաուիշ Տիրացաւ Տիտղոսին

103-12_31213

203-12_31213

 

 

 

 

 

 

Նախորդ շաբաթավերջին, Պէյրութի արաբական համալսարանին մէկ բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:

Տիտղոսին տիրացաւ Ամրօ Ժաուիշ, որ թայ-պրէյքի մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ահմետ Նաժժարի: Անոնք երկուքն ալ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահոված էին 7,5-ական կէտ:

Երրորդ դիրքը, 7 կէտով գրաւեց Ֆատի Իտ:

72 երկսեռ մասնակցողներուն կարգին էին Մայա Ժալլուլ, որ յառաջիկայ շաբաթ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք արաբական ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան:

Այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարն էր Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի, իսկ անոր օգնականը` Էլի Հուլիշեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ նիւթական պարգեւներու տուչութիւն` տիտղոսակիրներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )