Լողարշաւ. Վահան Մխիթարեան Պրոնզ Մետալ Մը Ապահովեց Հայաստանի
Երէկ, Պրազիլի մէջ սկսաւ «Կիմնասիաթ-2013»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զօրաւորագոյն դպրոցականները:
Հայաստան, որ իր կարգին իր մասնակցութիւնը կը բերէ անոր, երէկ տիրացաւ իր առաջին մետալին` համադպրոցական այս մարզական խաղերուն:
Այս առնչութեամբ հայկական ArmSport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ լուղորդ Վահան Մխիթարեան 50 մեթր ազատ լողի մրցումներուն տիրացաւ պրոնզ մետալին` արձանագրելով 23″ 61 արդիւնք մը: Տաղանդաւոր լուղորդին համար ասիկա կը հանդիսանայ առաջին մետալը, որ ձեռք կը բերուի միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին:
Հայկական աղբիւրը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Մխիթարեան պիտի մասնակցի նաեւ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական