Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Քահանայական Ձեռնադրութիւն
Հալէպի Մէջ

tsernatroutioun1121Հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան քահանայ ձեռնադրեց Միհրան սրկ. Պալգէորգեանը, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Նոր Գիւղ): Նախորդ օր, յետմիջօրէին, Կոչման արարողութիւն կատարուեցաւ` խարտաւիլակութեամբ Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանի, նոյն եկեղեցւոյ մէջ: Հակառակ երկրին անբարենպաստ պայմաններուն, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը ականատես վկան ու աղօթակիցը եղաւ հոգեպարար եւ ներշնչող քահանայական ձեռնադրութեան: Առաջնորդ սրբազանը նորաօծ քահանան վերակոչեց պարգեւ եւ իր քարոզին մէջ բացատրելէ ետք անուան նշանակութիւնը Աստուածաշունչ մատեանին ու հայ եկեղեցւոյ գրականութեան մէջ, հրաւիրեց նոր քահանան ամբողջական ինքնաընծայումով ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու հաւատացեալ հօտին: Այս առիթով Շահան եպս. Սարգիսեան հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները, քաջալերանքն ու շնորհաւորութիւնները: Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ շնորհաւորական ժողովրդային հանդիպում: Թեմակալ առաջնորդի տնօրինումով նորաօծ քահանայ հայրը քառասնօրեայ ինքնամփոփման պահեցողութիւնը կը կատարէ նոյն եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, իսկ անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագ վկայի տօնին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պարգեւ քհնյ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան դպրեվանքի շրջանաւարտ է: Անցնող մօտ հինգ տարիներուն գործեց թեմի դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ:

 

Յունաստան

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարին
Այցելութիւնը Յունաստան

visit1120Նոյեմբեր 20-ին, իր աւարտին հասաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստան:

Այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղում Սինտաղմայի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ, որմէ ետք պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր տեղի ունեցաւ շքեղ ընդունելութիւն: Ապա երկկողմ քննարկումներու պահը հասաւ, որ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմերով: Բանակցութեանց ընթացքին կողմերը համաձայնեցան աւելի խորացնել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը` ռազմական կրթութեան եւ թեքնիք բնագաւառներու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ իրականացնել համատեղ վարժանքներ եւ զօրավարժութիւններ: Յունական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց լիակատար աջակցութիւն տրամադրելու Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ կարողութիւններու զարգացման եւ պաշտպանական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ: Նաեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ համագործակցութեան իրաւական հիմքը կազմող պայմանագրերու վերանայման եւ պաշտպանութեան մարզերէն ներս համագործակցութեան համադրման համատեղ բարձր մակարդակի յանձնախումբ մը ստեղծելու վերաբերեալ, որ պիտի ուսումնասիրէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւնները:

Նախարար Սէյրան Օհանեան հրաւէր ուղղեց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսին` ներկայ գտնուելու փետրուար 2014-ին Հայաստանի զինուած ուժերու 22-րդ տարեդարձի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Առաջարկը գոհունակութեամբ ընդունուեցաւ նախարարին կողմէ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց անպայմանօրէն ընդառաջելու հրաւէրին, եթէ ոչ անձնապէս` գէթ բարձրապաշտօն զինուորական ներկայութեամբ:

Նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ-յունական դարաւոր բարեկամութեան եւ համագործակցութեան, որ ամրապնդուած են ազատութեան եւ ազգային անկախութեան ու ընկերային արդարութեան պայքարներու ընդմէջէն:

 

Աւստրիա

Հայկական Քոնեաքի Ներկայացումներ

brandy1119Կազմակերպութեամբ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Երեւանի «ԱՐԱՐԱՏ» քոնեաքի գործարանի` Աւստրիոյ Գինեգործական եղբայրութեան եւ օժանդակութեամբ գինիի ասպետներու ընկերութեան 19 նոյեմբերին Վիեննայի «Հոթել տէ Ֆրանս» պանդոկի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արարատ» քոնեաք համտեսելու ձեռնարկ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, որմէ ետք խօսք առաւ «ԱՐԱՐԱՏ» Երեւանի քոնեաքի գործարանի տնօրէն Արա Գրիգորեան: Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի մէջ քոնեաքի արտադրութեան սկզբնաւորման եւ զարգացման պատմութիւնը, ներկայ արտադրատ»սականին, ինչպէս նաեւ` համտեսելու մասնագիտական նրբութիւնները:

Նման նախաձեռնութիւն մը տեղի ունեցաւ նաեւ Լոնտոնի «Հիաթ Ռեճընսի Չըրչիլ» պանդոկին մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ դեսպանութեան խորհրդական Արա Մարգարեան: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ հայկական քոնեաքի պատմութիւնն ու առանձնայատկութիւնները:

Յունիսին «Արարատ» քոնեաքը ներառուած էր «Այ. Տի. Էս» դիւանագիտական պրակին մէջ:

 

Ֆրանսա

«Հայկազունք» Խումբին Համերգները

haigazounkՆախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին,  21 նոյեմբերին «Հայկազունք» խումբը, գլխավորութեամբ Գուսան Հայկազունի,  մեկնեցաւ Ֆրանսա` համերգային շրջագայութեան:

Նոյեմբեր 23-ին  «Հայկազունք» խումբը հայրենասիրական երգերու կատարումներով հանդէս եկաւ  Փարիզի 9-րդ թաղամասի Ռոսինիի սրահին մէջ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ խումբը շարունակեց իր համերգային շրջագայութիւնը Պելճիքա եւ Հոլանտայի մէջ:

Նոյեմբեր 24-ին խումբը ելոյթ  ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ:

Նոյեմբեր 25-ին Հոլանտայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող միութեան եւ «Մեճ մէյտ ին Հեւըն» ընկերութեան եւ Ալմելոյի հայկական առաքելական եկեղեցւոյ  աջակցութեամբ, խումբը ելոյթ ունեցաւ Ալմելոյի հայկական առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ:  Երեկոյի բացումը կատարեց Ալմելոյի «ԶԱՐԹՕՆՔ» պարախումբը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Ներկայ Եղաւ Արուեստի Ցուցահանդէսներու

expo116Նոյեմբեր 6-ին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան մը, որ կազմակերպուած էր Կլենտէյլի «Լը Փափիոն» հաստատութեան կողմէ` ի պատիւ արուեստագէտ Մայքըլ Արամի, անոր Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով:

Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց հայ արուեստագէտին տաղանդն ու արուեստը` եւ այս առիթով անոր նուիրեց Հրայր Բազէ Խաչերեանին «Երկիր թու Երկիր: Է Ճուռնի թու հիսթորիք Արմինիա» հատորէն օրինակ մը: Արուեստագէտը, իր կարգին, առաջնորդ սրբազանին նուիրեց իր մէկ ձեռակերտը, որ կը ներկայացնէ Արարատի վրայ հանգչած Նոյեան Տապանը:

Աւելի ուշ առաջնորդը ուղղուեցաւ Պեւըրլի Հիլզ գտնուող «Կարպուշեան» ցուցասրահը, ուր տեղի կ՛ունենար «Օրրան» կազմակերպութեան նախաձեռնած գեղանկարիչ Արթիւր Սարգիսեանի գործերուն ցուցահանդէսը, որ ունի բարեսիրական նպատակ` ի նպաստ Հայաստանի կարօտեալ մանուկներու եւ տարեցներու:

Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄ «Սասուն» Մասնաճիւղի
40-
ամեակին Տօնակատարութիւնը

frezno_HMEMՎերջերս, հովանաւորութեամբ Վաչէ Սողոմեանի եւ իր կնոջ` տոքթ. Ճէյն Գարտաշեանի, «Պենքըրզ պոլրում»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակին տօնակատարութիւնը:

Պարահանդէսի հանդիսավար Յակոբ Օհաննէսեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան:

Պարահանդէսի ընթացքին շրջանի վերահսկիչ Տեպի Փուչիկեան պարգեւատրեց Վաչէ Սողոմեանը եւ Նշան Տէր Գալուստեանը, իսկ «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութիւնը գնահատելով անոնց երկար տարիներու ծառայութիւնը` յուշատախտակներ նուիրեց անոնց: Ձեռնարկի ընթացքին  2013 տարեշրջանի լաւագոյն ՀՄԸՄ-ականի տիտղոսին արժանացաւ Նշան Տէր Գալուստեան:

Շրջանային վարչութիւնը եւ շրջաններու ներկայացուցիչները իրենց գրաւոր եւ բանաւոր շնորհաւորական խօսքերը արտայայտեցին, իսկ Ուոլնաթ Քրիքի մասնաճիւղը յուշատախտակ մը նուիրեց մասնաճիւղին:

Հարմիկ Յակոբեան Կ՛արժանանայ
Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ Թագաւոր»
Շքանշանին

Հովանաւորութեամբ  թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Իրանահայ միութեան 7 նոյեմբերին միութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային գործիչ Հարմիկ Յակոբեանի «Կեանքիս էջերից» յուշագրական երկրորդ հատորին շնորհահանդէսը:

Իրանահայ միութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալի բազմամեայ գործակիցներէն Օննիկ Հայրապետեան եւ Օշին Քէշիշեան խօսեցան Հարմիկ Յակոբեանի անձին, վաստակին եւ ծառայական կեանքին մասին:

Յայտագիրի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը: Ան յայտնեց, թէ  Յակոբեան արթուն միտքով օժտուած անձ մըն է, որ տասնամեակներ շարունակ ծառայած է մեր ժողովուրդին, եղած է դպրոցի հիմնադիր եւ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին հեղինակը, նաեւ մասնակցութիւն բերած է Մոնթեպելլոյի յուշարձանի կերտումին: Առաջնորդը հաստատեց, որ հատորը միայն յուշագրութիւն չէ, այլեւ` մտորումներու եւ վաւերագրումի արտայայտութիւն, որ պատգամ մը կը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն:

Առաջնորդը խօսքի աւարտին յայտարարեց, որ առ ի գնահատանք Հարմիկ Յակոբեանի կեանքի վաստակին ու ծառայութիւններուն, անոր կը շնորհէ «Ս. Տրդատ թագաւոր» շքանշանը: Ան կարդաց պարգեւատրման օրհնութեան գիրը, որմէ ետք շքանշանը յանձնեց անոր, իսկ Թերեզա Յակոբեանին նուիրեց մարգարտեայ խաչ մը, առ ի գնահատանք ամուսնոյն կողքին անոր ծառայութեան` իբրեւ օրինակելի մայր, մեծ մայր եւ դաստիարակ:

Պարգեւատրումէն ետք տեղի ունեցաւ նոր հրատարակուած գիրքի օրհնութեան արարողութիւնը:

Աշուղական Աննախընթաց Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին 3 նոյեմբերին, Կրանատա Հիլզ քաղաքի Հայ կեդրոնի «Ճորճ եւ Արլին Թիթիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշուղական երեկոյ` մեկնաբանութեամբ Գագիկ Պատալեանի եւ ընկերակցութեամբ Վլատիմիր Գրիգորեանի` քամանչայի վրայ, Կարինէ Հասասեանի` քանոնի, Վարդան Յարութիւնեանի` տուտուկի, Սէրուժ Աւոյեանի` տհոլի եւ Ատոմ Պաշնաքեանի` երաժշտական ստեղնաշարի ընկերակցութեամբ, մեկնաբանեցին աշուղական երգերու փունջ մը:

Օրուան հանդիսավար Մարալ Պասթիլեան նկատել տուաւ, որ ձեռնարկին նպատակն է պատուել մեր ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած աշուղական երաժշտութիւնը:

Սերժ Թանգեանի Ստեղծագործութեանց
Ցուցահանդէս
«
Փրոճեքթ» Ցուցադրասրահին Մէջ

serj1115

Նոյեմբեր 15-21-ին  «Փրոճեքթ» ցուցադրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժամանակին ապազինումը» խորագիրը կրող Սերժ Թանքեանի նկարչական գործերու, քոլաժներու եւ քանդակներու, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան համար յօրինուած երաժշտութեան իւրայատուկ լսատեսողական ցուցահանդէսը:

Չափճեանի Գլխաւորած Լոնկ Պիչի
Զբօսավայրերու Բաժանմունքը
Ոսկի Շքանշանի Կ՛արժանանայ

long-beachԼոնկ Պիչ քաղաքի զբօսավայրերու, զբօսանքի եւ ծովեզերեայ շրջաններու տնօրինման բաժանմունքը վերջերս արժանացաւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող նման բաժանմունքներու լաւագոյններուն շնորհուող «Կատարելագործման ազգային ոսկի շքանշան»-ին: Լոնկ Պիչ քաղաքը այս պատիւին արժանացած մեծագոյն քաղաքն է` այս տարուան ընթացքին:

Բաժանմունքի տնօրէն Ճորճ Չափճեան սոյն շքանշանը մեծ պատիւ մը, որակեց` աւելցնելով, թէ այդ մէկը իրականցած է շնորհիւ բաժանմունքի նուիրեալ պաշտօնեաներուն, որոնք անխոնջ աշխատանք կը տանին` լաւագոյն ծրագիրները եւ սպասարկութիւնները մատուցելու համար Լոնկ Պիչի ժողովուրդին:

Չափճեան նախապէս եղած է Կլենտէյլ քաղաքի համայնքային սպասարկութեանց եւ զբօսավայրերու բաժանմունքին տնօրէնը, ինչպէս նաեւ` թաղային սպասարկութեանց վարիչ Փասատինայի մէջ:

162 զբօսավայրերու, 26 համայնքային կեդրոններու եւ ծովեզերեայ պաշտպանուած շրջաններու հսկողութեան ու բարելաւման աշխատանքը ստանձնած Չափճեանի գլխաւորած բաժանմունքի աշխատանքին արդիւնքը կը վայելեն Լոնկ Պիչի մօտաւորապէս 462 հազար բնակիչները:

 

Քանատա

Սուրիահայութեան Նուիրուած
Ժողովրդային Հաւաք Թորոնթոյի Մէջ

Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Քանատայի համադրիչ մարմինին կազմակերպութեամբ, դեկտեմբեր 1-ին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան ճգնաժամին նուիրուած ժողովրդային հաւաք: Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց սուրիահայութեան զօրակցելու գործընթացը թափով շարունակելու հրամայականը: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան:

Այս առիթով պատրաստուած յատուկ տեսերիզով ներկաները լսեցին Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին զեկոյցը, որ փոխանցեց Մարիա Գաբրիէլեան: Իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Շահան եպս. Սարգիսեան, որ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց քանատահայութեան:

Սուրիահայութեան աջակցութեան նուիրահաւաքի այս հանգրուանին Թորոնթոյի մէջ գոյացաւ 25 հազար տոլար: Նուիրահաւաքներն ու ժողովրդային հաւաքները պիտի շարունակուին յառաջիկայ ամիսներուն` Քանատայի տարբեր հայկական ոստաններու մէջ:

Թորոնթոյի Հիմնադրամի
Դրամահաւաք–Ճաշկերոյթը

toronto11161316 նոյեմբերին Թորոնթոյի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի տեղական մարմինի ամէնամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթը, որուն հասոյթը տրամադրուեցաւ Արցախի Նոր Մարաղա գիւղին մէջ համայնքային կեդրոնի կառուցման երկրորդ փուլին:

Երեկոյթի ընթացքին խօսք առին կարգ մը անձնաւորութիւններ: Ներկայացուեցան Թորոնթոյի հայ համայնքին աջակցութեամբ իրականացուած ծրագիրները, որուն յաջորդեց համերգային մասը: Ժողովրդական ու դասական երաժշտական կտորներով  հանդէս եկաւ քանոնահար Յասմիկ Լէյլոյեան:

Ձեռնարկի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ հաւաքուած է 150 հազար ամերիկեան տոլար: Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտնեց, որ համայնքը պիտի շարունակէ իր  նուիրատուութիւնները եւ մինչեւ ռատիոթոնի օրը յոյս ունին, որ կը հասնի 225 հազար ամերիկեան տոլարի:

 

Աւստրալիա

Մեկնարկեց Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան
Աւստրալիոյ Հայ Համայնքներու Կրթամշակութային
Հիմնահարցերու Լուծման Աջակցութեան Ծրագիրը

Աւստրալիոյ հայ համայնքներու կրթամշակութային հիմնահարցերու լուծման աջակցութեան ծրագրի շրջագիծին մէջ Սիտնիի «Նորթց» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  անկախութեան 22-ամեակին նուիրուած համերգային ծրագիր:

Աւստրալիոյ հայ համայնքին ուղղուած` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ողջոյնի խօսքը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մշակութային, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան ծրագիրներու բաժնի պետ Գրետա Մնացականեան:

Համերգային ծրագրով ելոյթ ունեցան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտներ Լէյլա Սարիբեկեան եւ Արսեն Գրիգորեան, երգչուհի Սոնա Շահգելդեան, երաժիշտ, էթնոճազի անզուգական կատարող Գարիկ Սարիբեկեան եւ դաշնակահար Տաթեւիկ Հայրումեան:

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նման նախաձեռնութեան համար` գնահատելով ելոյթ ունեցողները:

Յաջորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ 30 նոյեմբերին, Մելպոււռնի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES