Հալէպի Սիւլէյմանիէ-Վիլլաներ-Նոր Գիւղ Եռանկիւնը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Հրթիռներու

Perionews«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` 4 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Հալէպի Սիւլէյմանիէ-Վիլլաներ-Նոր Գիւղ եռանկիւնին վրայ երեք հրասանդի հրթիռներ ինկան: Առաջինը` Գաբրիի ետեւի պարտէզը, երկրորդը` «Թեթթեն» պենզինի կայանի դիմացի պարտէզը, իսկ երրորդը` Վիլլաներու շրջանին մէջ` նպարավաճառ Ժիրոյի մօտ:

Բարեբախտաբար ֆիզիքական վնասներ չկան, սակայն ահ ու սարսափի մատնուեցան բնակիչները: Արձանագրուեցան նաեւ կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:

Անցնող քանի մը օրերուն Հալէպի մէջ սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի կ՛ունենան ծանր բախումներ, մէկ կողմէ հրասանդի հրթիռներ կ՛արձակուին հայկական թաղամասերու յատկապէս ծայրամասերը, իսկ միւս կողմէ մերթ ընդ մերթ կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ձայներ:

 

Share this Article
CATEGORIES