Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Այսօր` Գ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

downloadԻր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Ախա Ահլի Ալէյ – Սալամ` 3-1, Ահտ – Մապարրա` 1-0, Ռասինկ – Իժթիմահի` 1-1, Շապապ Սահել – Նըժմէ` 0-0, Թատամոն Սուր – Անսար` 1-1 եւ Թրիփոլի – Սաֆա` 0-0:

Ֆետերասիոնը հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին շարունակուելիք տարբեր դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը, յայտնեց, որ այսօր` հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ընդունեց Հարաքեթ Շապապի` Բ. դասակարգի ախոյեանութենէն քաշուիլը, որուն զուգահեռ բնականաբար չեղեալ նկատուեցան անոր կատարած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները, եւ անշուշտ անիկա ուղղակիօրէն փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:

Կարգ մը ակումբներ, որոնց կարգին` Անսար, Զամալեք Ռիատի Շըհիմ եւ Ռիատի Ապպասիէ, ունեցան իրենց ֆութպոլի նոր յանձնախումբերը:

Անսար ակումբին պարագային անոր յանձնախումբին նախագահն է Նեպիլ Պատըր, փոխնախագահը` Իմատ Խաթիպ, իսկ ընդհանուր քարտուղարը` Մահմուտ Նաթուր:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.

 

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ    
ՇԱԲԱԹ, 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Սահել – Թատամոն Սուր 2:15 Ահտ
Սալամ Զղարթա – Ահտ 2:15 Զղարթա
Ռասինկ – Նըժմէ 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ    
Մապարրա – Սաֆա 2:15 Ահտ
Ախա Ահլի Ալէյ – Իժթիմահի 2:15 Սաֆա
Անսար – Թրիփոլի 3:30 Պէյրութ
 

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՈՒՐԲԱԹ, 6 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շեպիպեթ Մազրաա – Շապապ Ղազիէ 2:15 Սաֆա
Ահլի Նապաթիէ – Ահլի Սայտա 2:15 Քֆարժոզ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Խըյուլ 2:15 Թրիփոլի
ՇԱԲԱԹ, 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ    
Սաժես – Ամալ Թրիփոլի 2:15 Նըժմէ
ԿԻՐԱԿԻ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ    
Շապապ Թրիփոլի – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Թրիփոլի

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES