Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ղոսընը

Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն

Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կողմէ գործադրուող ապահովական դասաւորումները` պահպանելու համար քաղաքին ապահովական կայունութիւնը:

Նշենք, որ Ղոսըն երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ քաղաք մը բանակին տրամադրութեան տակ դնել չի նշանակեր զայն զինուորական գօտիի վերածել:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր: Քննարկուեցան համապատասխան նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES