Երկու Հայ Զոհ Եւս` Սուրիոյ Մէջ
«Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի թղթակից Մարիա Գաբրիէլեանի համաձայն, բախումներու պատճառով Հալէպի մէջ դարձեալ հայ մը զոհուած է: Ան 26-ամեայ Հայկ Արգաշատեանն է: Այսօր Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
«Եռագոյն» կայքէջը իր կարգին կը յայտնէ, որ երէկ Գամիշլի քաղաքի Թայ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած են երեք հայեր, որոնցմէ մէկը` Վագօ Թովմասեան աւելի ուշ մահացած է:
CATEGORIES Գաղութային

