ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԻՈՅ. «ՄԵՐ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՏԱԾ Է» ԵՒ «ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ Ի ՏԵՍ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՆՔ»

Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա բռնարարքներէ փախուստ տուած սուրիացիները իր կուրծքին սեղմած է եւ աշխարհին գնահատանքին արժանացած: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը գովաբանած է գաղթականներուն նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած օժանդակութիւնը եւ նշած, որ «վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն կը կատարէ յանուն ամբողջ աշխարհին»: Օրաթերթը կը նշէ, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին գովաբանած է այն, ինչ որ Թուրքիա կատարած է եւ Էրտողանը մատնանշած է իբրեւ աշխարհի ղեկավարներուն համար տիպար մը:

Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի պատուիրակ գնդ.Հասան Թուրքմանիի Անգարայի մէջ ունեցած հանդիպումներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով կը յայտնէ, որ ան Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի հետ ունեցած իր երկու անջատ հանդիպումներուն ընթացքին ստացած է այն կտրուկ պատգամը,որ մարդասիրական տագնապին պատճառով` Անգարա հետզհետէ աւելի կը զայրանայ: Թուրքիոյ վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը անջատաբար Թուրքմանիին ըսած են, որ Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներ կատարելու խոստումին հարցով Թուրքիոյ համբերութիւնը հատած է: Անգարայի մէջ բարձրաստիճան դիւանագէտ մը օրաթերթին նշած է, որ Անգարայի համբերութիւնը սպառելու մօտ է: Ան աւելցուցած է, որ «մենք Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան ի տես ձեռնածալ պիտի չմնանք, ատիկա յստակ է»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Փարիզ իր այցելութեան ընթացքին ֆրանսական կարգ մը լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին օրերը համրուած են եւ ան միայն քանի մը ամիս եւս պիտի կարենայ տոկալ»: Ան նշեց, որ «Ասատի տապալումը Իրանի եւ Հըզպալլայի ուժը պիտի տկարացնէ, ուստի Իսրայէլ պէտք չէ սուրիական ղեկավարութեան մէջ որեւէ փոփոխութեան համար ցաւի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ «Ասատ Սուրիան բանադրուած մարդու կարգավիճակին առաջնորդող ընթացքի մէջ կը դնէ», Ասատ ինքզինք ու իր վարչակարգը պատմութեան սխալ կողմը կը դնէ եւ պիտի անդրադառնայ, որ օրինականութիւնը ժողովուրդը գոհացնելէն կը բխի եւ փամփուշտի ու մահակներու ճամբով չի կրնար իրականանալ: «Սուրիոյ մէջ դէպի նախկին կացութիւն վերադարձ չկայ», կը գրէ Քլինթըն:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի Գալիլիա եւ Նեկեւ շրջաններու զարգացման հարցով նախարար Այուպ Քարա Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան խողովակով Էրտողանին յղած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛առաջարկէ Թուրքիա գտնուող սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւն փոխադրելու համար իսրայէլեան նաւատորմիղ մը ուղարկել Թուրքիա:

Մինչ այդ, ըստ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, թրքական իշխանութիւնները Թուրքիոյ մէջ սուրիական գաղթակայաններուն շուրջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած են:

Share this Article
CATEGORIES