«ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԿՐՆԱՅ ԴՐՈՒԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԸ

Սինան Օղան

Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական հետազօտութեանց թրքական կեդրոնի(ԹՈՒՐՔՍԱՄ) ղեկավար,  Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նորընտիր երեսփոխան Սինան Օղան ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ, որ չէ բացառուած, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման դնէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը:

«Ամէն պարագայի, եթէ այդ արձանագրութիւնները խորհրդարանին մէջ քննարկումի դրուին, ես` իբրեւ խորհրդարանի անդամ, անոնց վաւերացման դէմ հանդէս պիտի գամ, այնքան ատեն, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը տակաւին չէ լուծուած», ըսած է Օղան:

Share this Article
CATEGORIES