ԸՍՏ ՄԻԹ-Ի ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ՍԱՄԱՍԹԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ ԿԸ ԾՐԱԳՐՈՒԻ

Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի Պոլսոյ անչափահասներու գործը քննող դատարանին, Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան, Քոճայելիի բանտի տնօրէնութեան, Պոլսոյ անվտանգութեան վարչութեան եւ նահանգային ոստիկանութեան հասցէագրուած «գաղտնի» պիտակով նամակին մէջ կը նշուի, որ «կը ծրագրուի զինեալ յարձակում գործել այն փոխադրամիջոցին վրայ, որ Օկիւն Սամասթը պարբերաբար դատարան կը տեղափոխէ»: ՄԻԹ կը պնդէ, որ յարձակումը պիտի կատարուի Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած Թուրքիոյ աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու ազատագրութեան բանակ (ԹԻՔՔՕ) ձախակողմեան ծայրայեղական կազմակերպութեան կողմէ: Վերջինիս զինեալները պիտի ռմբահարեն Սամասթը դատարան տեղափոխող փոխադրամիջոցը:

Ամիսներ առաջ լրագրող Նետիմ Շեներ, որ ներկայիս կալանաւորուած է «Էրկենեքոն»ի հարցով, իր «Կարմիր ուրբաթ.ո՞վ կոտրեց Տինքի գրիչը» խորագիրով գիրքին մէջ գրած է, որ Օկիւն Սամասթի դէմ մահափորձ կը ծրագրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES