Քերրի-Ֆահմի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ֆահմի եւ Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմիի հետ քննարկեց Եգիպտոսի մէջ տիրող կացութիւնը, պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւններու եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցերը:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ «նախարար Ֆահմի իր ամերիկացի պաշտօնակիցէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր, ներառեալ` Եգիպտոսի մէջ կացութիւնը եւ ճամբու քարտէսի զարգացումները, մասնաւորաբար սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութենէն եւ զայն հանրաքուէի համար ժողովուրդին ներկայացնելէ ետք»:
Բանբերը աւելցուց, որ Քերրի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են ճամբու քարտէսի գործադրութեամբ, որովհետեւ Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական փորձառութեան յաջողութիւնը շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:

