«Պէտք Է Տաւութօղլուին Որոշ Բաներ Յիշեցնել» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Հայաստան ժամանումը պաշտօնական այցելութիւն չէ, այլ ընդամէնը տեղի պիտի ունենայ շրջանային կազմակերպութեան համաժողով մը, որուն նախագահութիւնը այս օրերուն Հայաստանը ստանձնած է, եւ ան պիտի մասնակցի այդ ժողովին: Ըստ Մանոյեանի, քանի որ ասիկա Հայաստան այցելութիւն չէ, այդ պատճառով ալ ոչ մէկ ակնկալիք կայ, եթէ խօսքը կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:
Ինչ կը վերաբերի Տաւութօղլուն Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցերով «դիմաւորելու» խնդիրին, ապա Կիրօ Մանոյեան կը հաւատայ, որ ճիշդ չէ Տաւութօղլուին լրիւ անտեսելը:
«Անոր համար ալ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կը կազմակերպէ ցոյց մը յիշեցնելու, որ Թուրքիա տակաւին պարտք ունի Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Հայաստան ի՞նչ պատգամ պէտք է փոխանցէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Մանոյեան նշեց, որ եթէ խօսքը պետութեան կը վերաբերի եւ եթէ պետութիւնը պատգամ ունի փոխանցելիք, ապա այս առիթին սպասելու կարիք չունի:
«Այս այցելութիւնը կապ չունի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետ, անոր համար ալ Հայաստանի իշխանութիւնները պատգամ չունին փոխանցելիք: Կը կարծեմ, որ Հայաստան քայլեր չունի կատարելիք, այլ Թուրքիան քայլեր ունի կատարելիք, եւ եթէ այդ քայլերը չկատարէ, փաստօրէն բանակցութիւններ պիտի չըլլան: Ամէն պարագայի, պէտք է Տաւութօղլուին որոշ բաներ յիշեցնել, բայց ոչ թէ անպայմանօրէն պետութիւնը ատիկա պէտք է ընէ, այլ հասարակութիւնը», նշեց Կիրօ Մանոյեան:

