ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԿՈՒ ՕՐ ԵՏՔ ԼԻԲԱՆԱՆի ԴԷՄ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱԾ ԵՆ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Պարժա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գաղթականութեան հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութենէն երկու օր ետք ի յայտ եկած են փորձեր` երկիրը սադրանքներու սեմին զետեղելու: «Մեր առաքելութիւնն է ամէն ջանք ի գործ դնել` արգիլելու համար նման սադրանքներ, ինչ ալ ըլլան անոնց պատճառները», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ դրուատեց Սուրիոյ մէջ տարուած բարեկարգումի եւ երկխօսութեան լուրջ ճիգերը` նկատել տալով, որ սադրանքներուն առաջքը առնելով կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:
Ժոմպլաթ նաեւ նկատել տուաւ, որ Իքլիմ Խարրուպը կառավարութեան մէջ ներկայացնելը այս հանգրուանին կարեւոր էր` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուար եւ բարդ հանգրուանը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ պէտք է շարունակել քաղաքական եւ բարգաւաճման առարկայական հետեւողականութիւնը Լեռնալիբանանի եւ Իքլիմ Խարրուպի միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ընդգծել նաեւ ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը: